Յարգանքի Երեկոյ` Նուիրուած Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին
10 մարտ 2022-ին Հայկազեան համալսարանը յարգանքի տուրք մատուցեց իր Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին, որ անցեալ տարի իր մահկանացուն կնքեց` «Քորոնա» ժահրով վարակուելուն պատճառով: Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին նուիրուած յիշատակի երեկոն տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ուղիղ սփռումը կատարուեցաւ Դիմատետրով: Այս առիթով հանգուցեալ տոքթ. Նիկոլեանի գեղանկարներէն մաս մը առցանց ցուցադրուեցաւ վաճառքի նպատակով, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի համալսարանի...




















