Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրապետական Մաղթանքով Մեծաշուք Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 27-ամեակը

July 4, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին, արժանավայել կերպով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 27-ամեակը: Այս առիթով, կիրակի, 3 յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբան հայրեր Ս. խորանէն ընթերցեցին աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ` գոհութիւն ու փառք տալով Աստուծոյ եւ աղերսելով, որ Տէրը վեհափառ հայրապետին առողջ ու ծառայութեամբ բեղուն երկար կեանք պարգեւէ, իսկ հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` անսասանութիւն:

Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Ս. պատարագը մատուցեց կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մակար եպս. Աշգարեան, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզեց «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան: Ս. պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Ս. պատարագին ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգային երեսփոխաններ, բարերարներ, ինչպէս նաեւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան արարողութեան համար Լիբանան եկած ուխտաւորներ:

Հայրապետական մաղթանքին յաջորդեց Շահան սրբազանին քարոզը: Ան իր քարոզին (Եբր 6.18-19) ընթացքին անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնական դերակատարութեան, յատկապէս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեամբ սկիզբ առած այն նոր ընթացքին, որ նոր հորիզոններու դիմաց բանալով յաղթական երթի առագաստները, հայութեան նաւը առաջնորդեց եւ կը շարունակէ նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ` դէպի ափունքը խաղաղութեան նորոգուած նաւահանգիստին` մէկ ու միասնական հայութեան եւ հայրենիքին:

Ապա, օրուան խորհուրդին եւ տօնին ընդառաջ, սրբազան հայրը հայրապետին անսակարկ նուիրումի 27 տարիներու «հաւատքի առաքելութիւն»-ը յատկանշեց` (ա) հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացումով (եկեղեցաշինութիւն, դպրեվանքի նոր սերունդներու պատրաստութիւն, միաբանութեան թիւի եռապատկում, քրիստոնէական դաստիարակութեան ծաւալում), (բ) մտաւորական իր փորձառութեամբ մշակութային վերելքով (միաբաններու համալսարանական ուսման ծրագիրի յաջողութիւն, մտաւորականներու համախմբում, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ծրագիրներ, Հայագիտական կեդրոնի հաստատում, գիտաժողովներու կազմակերպում, հրատարակչական գործունէութեան ընդարձակում), (գ) համահայկական կարեւորագոյն խնդիրներուն իր զօրեղ ներկայութեամբ ու գործնական մասնակցութեամբ (Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց թէ սփիւռքի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իրաւունքներու  վերատիրացման պահանջատիրութիւն), (դ) բազմաբնոյթ ու բազմամակարդակ յարաբերութիւններու մշակումով (ներհայկական, միջեկեղեցական ու միջկրօնական, միջազգային):

Սրբազանը եզրափակելով ըսաւ. «Կիլիկիան Ս. աթոռը նոր փայլք ու հմայք ստացաւ վեհափառ հայրապետով, որ իր ծառայութեան 27 տարիները լեցուց եւ կը շարունակէ լեցնել մեզ հարստացնող այնպիսի իրագործումներով, զորս Հայրապետական մաղթանքին առիթով արտասանուած որեւէ խօսքի մէջ կարելի չէ ամփոփել: Վեհափառը ո՛չ միայն մեր պատմութեան եզակի նկատուող անձերէն մէկն է, այլ գլխագիր եզակի ՎԵՀԱՓԱՌՆ է»: Արեւշատ, առողջ ու արգասաբեր երկար տարիներու մաղթանքով քարոզիչ սրբազանը աւարտեց իր խօսքը:

Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, հայրապետական թափօրով հաւատացեալները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր «Շնորհալի» երգչախումբը հրամցուց փունջ մը ազգային երգեր: Հուսկ, վեհափառ հայրապետը սրտի խօսք արտասանելով` յատուկ ուրախութեամբ ողջունեց թեմակալ առաջնորդները, միաբան հայրերը, թեմերուն ներկայացուցիչները եւ ի մասնաւորի` հայկական պատմական երեք կուսակցութիւններուն վերին մարմիններուն ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` յայտնելով, որ  յատկապէս յետ-ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, անոնք սփիւռքի կազմակերպման, վերակազմակերպման ու ծաղկման, ինչպէս նաեւ Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողքին, առանցքային դերակատարութիւն ունեցան եւ կը շարունակեն իրենց կարեւոր գործունէութիւնը` բնականաբար նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մեր բոլորին տունն է, մեր ազգի տունն է: Այս տան հիմերը բարձրացած են մեր հաւաքական հաւատքին, արժէքներուն, սկզբունքներու եւ իտէալներու վրայ: Անսասան է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որովհետեւ կը հաւատայ գերագոյն արժէքներու, սկզբունքներու` մեր ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին կապուած: Ասո՛նք եղած են մեր Ս. աթոռին սկզբունքները եւ` կեանքի ճամբան ու առաքելութեան նպատակը: Հետեւաբար, այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը վերանորոգէ իր ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը, նշեց վեհափառ հայրապետը: «Թող Աստուած անսասան պահէ Հայաստան աշխարհը, Արցախը, մեր եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, մեր բոլոր կազմակերպութիւնները եւ մեր ազգը ամբողջ», իր խօսքը եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն միաբերան «Կիլիկիա» քայլերգի եւ Հայրապետական մաղթերգերու երգեցողութեամբ:

Ներկաները աջահամբոյրով վեհափառ հայրապետին փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:

 

 

Նախորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիրի Աւարտ. «Ապագայ Լրագրող»-ներու Երկրորդ Սերունդը Իր Ծրագիրը Աւարտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թանգարան Այցելութեամբ

Յաջորդը

Քասլիքի Համալսարանին Մէջ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 25-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.