Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ի եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, ընթացքի մէջ եղող լրագրութեան վարժողական ծրագիրը աւարտեցաւ շաբաթ, 2 յուլիս 2022-ին, «Ապագայ լրագրող»-ներուն «Կիլիկիա» թանգարան այցելութեամբ:
«Ապագայ լրագրող»-ներու երկրորդ սերունդը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան, ուր ծանօթացաւ հայ եկեղեցւոյ մասունքներուն, ծիսական զգեստներուն, ձեռագիրներուն, խաչքարերուն, հայկական հին դրամներուն, տպագիր գիրքերուն, գորգերուն եւ կերպարուեստին:
Թանգարանի քարտուղար Հեղինէ Արամեան ներկայացուց այդտեղ գտնուող եկեղեցական սպասներն ու տարազները, ինչպէս նաեւ Սիսի կաթողիկոսութենէն փրկուած եկեղեցական իրերը, որոնք 1915-ին փոխադրուած են Հալէպ եւ խղճալի պայմաններու մէջ Անթիլիաս հասած են 1930-ին:
«Ապագայ լրագրող»-ները ծանօթացան նաեւ «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ գտնուող 1248-ի Բարձրբերդի աւետարանին, որ դարձեալ 1915-ին Սիսէն բերուած հազուագիւտ ձեռագիրներէն է:
«Ապագայ լրագրող»-ները շրջագայեցան թանգարանին մէջ եւ ծանօթացան հայ ազգային ու եկեղեցական հարստութեան:
«Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին աջակցութեամբ «Ապագայ լրագրող»-ներու ծրագիրը պիտի շարունակուի, եւ երրորդ սերունդին հետեւելիք ծրագիրը պիտի ճշդուի հետագային:


