Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռքի Տարի»-ին Առիթով Առցանց Չորրորդ Հանդիպումը

July 2, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սփիւռքի տարի»-ին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած առցանց հանդիպումներուն 4-րդը յատկացուած էր տեղեկագիտութեան: Ժողովին նախագահեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Առցանց նիստին մասնակցեցան «Սփիւռքի տարի»-ին աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի անդամներն ու այս մարզին մէջ աշխատող մասնագէտներ: Նիստին զեկուցելու համար հրաւիրուած էր «Սինոփսիս» կեդրոնի եւ Արմինիըն վըրչուըլ քոլեճի (Armenian Virtual College) համահիմնադիր դոկտ. Երուանդ Զօրեան:

Վեհափառ հայրապետը բացումը կատարելով նիստին` խօսեցաւ այսօրուան աշխարհակարգին գլխաւոր երկու յատկանիշներուն մասին` փոխկապակցուածութիւն (Interconnectivity) եւ յարաբերութիւն-հաղորդակցութիւն (Communication):

Հայրապետը խօսեցաւ աստուածաբանական առումով տիեզերքի արարչագործութեան, այդ բոլորին մէջ ներդաշնակութեան եւ մանաւանդ մարդուն կողմէ արարչագործութեան պարգեւներուն ճիշդ օգտագործման հրամայականին մասին:  Այս համեմատութիւնը նկատի պէտք է ունենալ նաեւ այսօրուան տեղեկագիտական արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները օգտակար նպատակներու ծառայեցնելու մեր հայեցակարգի մշակման ընթացքին:

Անդրադառնալէ ետք սփիւռքեան բազմագոյն, բազմաշերտ, շատ տեղեր խոպան եւ անկազմակերպ իրավիճակներու, կաթողիկոսը շեշտեց, որ այս բոլոր խնդիրներու գոյքագրման եւ կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ այնպէս պէտք է ընել, որ առաւելագոյնս ներդաշնակ եւ օգտակար եղանակներով կարելի ըլլայ արհեստագիտական նորարարութիւնը լաւագոյնս օգտագործել համասփիւռքեան  ծրագիրներու մշակման եւ կիրարկման համար:

Այնուհետեւ դոկտ. Զօրեան զեկուցեց տեղեկագիտական արհեստագիտութեան արդի ուղղութիւններուն մասին` արագ ակնարկով ներկայացնելով այս մարզի հոլովոյթը: Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր 10 տարի աշխարհը ականատես եղած է արհեստագիտական յեղափոխութեան մը, որ բոլորովին նոր հունաւորում բացած է այս մարզին մէջ: Համակարգիչէ համացանց, ապա շարժուն-խելացի (smart-mobile) համակարգ անցումներէն ետք այսօրուան ուղղութիւնը կեդրոնացած է արհեստական բանականութեան վրայ (artificial intelligence):

Մասնագիտական զեկուցումին եւ այնուհետեւ անոր հետեւած քննարկումի ընթացքին ընդգծուեցան հետեւեալ կէտերը.

Ա.- Տուեալներու հաւաքագրումը խիստ կենսական է սփիւռքի գոյքագրման եւ մասնագիտական մարդուժի ցուցակագրման աշխատանքին համար մնայուն նորացուող շտեմարան ունենալու համար:

Բ.- «Չիփեր»-ու այսօրուան արտադրութեան ճարտարագիտութիւնը հիմնուած է ծաւալի փոքրացման, բազմապատկուած տուեալներու ներառման եւ արագութեան բազմապատկութեան սկզբունքներուն վրայ: Հայկական տեղեկագիտական գործօնը այս նոր ուղղութիւնը նկատի պէտք է ունենայ իր ցանցային աշխատանքները կազմակերպելու ընթացքին:

Գ.- Այսօրուան աշխարհակարգը կ՛աշխատի ապակեդրոն, ապամեկուսացուող եւ անվերջ նորացուող դրութիւններով: Մեր աշխատանքներուն մէջ այս աշխատակարգը նկատի ունենալ` յատկապէս մեր դասական կառոյցներէն դուրս գտնուող զանգուածներուն հետ կապ հաստատելու համար:

Դ.- Մեր կրթական, մշակութային եւ կուսակցական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ոչ միայն արխիւը, այլ ամբողջ աշխատելաեղանակը ամբողջական համակարգչայնացումի եւ թուայնացումի անյետաձգելի պահանջին առջեւ կը գտնուին:  Սփիւռքի տարուան առիթով այս աշխատանքին պէտք է  թափ հաղորդել կառոյցներու պատասխանատուներուն մօտ` քաջալերելով այս անհրաժեշտութեան ընդառաջ գործի լծուիլը:

Ե.- Յատուկ ծրագրաւորումներով յառաջացնել cyber community` մասնագիտական հիմունքներով:

Նիստի աւարտին վեհափառը գոհունակութիւն յայտնեց այս խիստ արդիական թեմային ընդառաջ կայացած առաջին նիստին համար եւ շեշտեց այս բոլորը մեր մարդկային ու ազգային արժեհամակարգի գերադասումով բանեցնելու  կարեւորութիւնը: Հայրապետը այս առումով վեր առաւ համասփիւռքեան եւ համահայկական  նպատակներու շուրջ համախմբումներ յառաջացնելու  եւ կայուն ու գրաւիչ թեմաներով երիտասարդ խաւը ներգրաւելու եւ հնամաշ գաղափարներէ ու գործելաոճերէ դուրս գալով` ներկայ արհեստագիտութիւնը լիարժէք օգտագործելու համար անխոնջ աշխատելու հրամայականը:

Նախորդը

«Դիմադրութիւն» Շարժման Մարտավարութեան Փոփոխութիւնը Գրաւական` Աւելի Արդիւնաւէտ Ընթացքի Եւ Յաղթական Ելքի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.