Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնը Տուաւ 2022 Թուականի Իր Հունձքը

June 23, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 9 յունիս 2022-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի վկայականաց բաշխումը` ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Հայրապետը գնահատելով եռամեայ հայագիտական ծրագիրը աւարտած չորս շրջանաւարտները` Արաքսի Խրիմեան-Աջապահեան, Աւետիս Ասայեան, Նուէր Էլխայաթ Աջապահեան եւ Վերժին Սաաթճեան, ինչպէս նաեւ կեդրոնի տնօրէնը` Ահարոն Շխրտըմեանն ու ուսուցչական կազմը, ընդգծեց հայագիտական ամպիոններուն` ի մասնաւորի արեւմտահայերէնի կարեւորութիւնը, թէ՛ ինքնութեան պահպանման ու գոյատեւման եւ թէ՛ զարգացման առումով: Վեհափառը շեշտեց, որ հետզհետէ նահանջող հայ լեզուն հայերէնագիտական ձեռնարկներու շնորհիւ պիտի պահպանուի ու փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Ան վստահեցուց, որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ Հայագիտական կեդրոնը առաւել կազմակերպ կերպով ու ամբողջական դասանիւթերով պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը:

Խօսք առաւ նաեւ կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեանը եւ յայտնեց, որ վեհափառ հայրապետին  օրհնութեամբ ու հովանաւորութեամբ կաթողիկոսարանի  Հայագիտական կեդրոնը բոլորեց կրթական բարեյաջող տարեշրջան մը: Ան ընդգծեց, որ Հայագիտական կեդրոնի յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան հաւատացող վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ անոր օրհնութեան ներքոյ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ համախմբուած մտաւորականներու` հոգեւորական թէ աշխարհական, ժրաջան աշխատանքին: Շխրտըմեան նշեց, որ կեդրոնը սովորական ուսումնարան մը չէ, այլ հայագիտական բարձրորակ կեդրոն մը ըլլալու բոլոր կարելիութիւնները ունի: Իրողութիւն մը, որ պէտք է նախանձախնդրութեամբ ու իմաստութեամբ արժեւորել: Եզրափակելով խօսքը` ան շնորհաւորեց վկայեալները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց` կաթողիկոսին, Հայագիտական Կեդրոնի յանձնախումբին, ուսուցչակազմին, կաթողիկոսարանի դիւանապետին եւ բաժանմունքի քարտուղարութեան:

Շրջանաւարտներուն անունով ուղերձ կարդաց Վերժին Սաաթճեան ու երախտագիտութիւն յայտնեց կաթողիկոսին, տնօրէնութեան եւ դասախօսներուն: Ան ըսաւ, որ եռամեայ այս կրթօճախը յաճախելով` լսեցին դասախօսներուն կողմէ ներկայացուած այլազան նիւթերը ու դաստիարակիչ խօսքերը, որոնք իրենց դիմաց բացին նոր հորիզոններ: Իր խօսքի աւարտին ան հայրապետին մաղթեց քաջառողջութիւն, որպէսզի անսասան մնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` իր համազգային առաքելութեամբ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Երեք Երիտասարդ Հոգեւորականներ Մասնակցեցան Վատիկանի Ծանօթացման Ծրագիրին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.