Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ Դասախօսութիւն` Սրբալոյս Միւռոնին Մասին

Յունիս 27, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 18 յունիս 2022-ին դաստիարակչական յանձնախումբը այս տարուան դասախօսութեան շարքը փակեց «Սրբալոյս միւռոն» խորագիրով դասախօսութեամբ մը` սրբալոյս միւռոնի պատրաստութեան ծիրին մէջ: Յանձնախումբի ատենապետ Ազնիւ Միքայէլեան բարի գալուստի խօսքէն ետք ըսաւ. «Հայաստանեայց առաքելական ս. եկեղեցւոյ հնաւանդ սրբութիւններէն է, որ, ըստ աւանդութեան, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի կողմէ օրհնուած իւղը, Թադէոս առաքեալի ձեռամբ, Հայաստան կը բերուի, եւ ամէն անգամ որ սրբալոյս միւռոն կը պատրաստուի, հին միւռոնը նորին միախառնուելով` կ՛օրհնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սուրբ աջով: Ան աւելցուց` ըսելով, որ միւռոնի օրհնութիւնը սքանչելի առիթ է հոգեկան վերանորոգութեան, եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակները միւռոնի դրոշմով կը հայանան ու մեր ազգութեան նկարագիրը կը զգենուն:

Ապա ան հրաւիրեց օրուան դասախօսը` Երեմիա աբղ. Տեկիրմեճեանը: Ան տուաւ պատմական հոլովոյթը` իւղով օծուելու, որ կանուխ դարերէն ի վեր սովորութիւն էր: Իւղով կ՛օծէին անոնք, որոնք Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ մարդիկ կ՛ըլլային` իբրեւ նշան աստուածատուր պաշտօնի ստացման: Ապա ըսաւ, որ հին ատեն երեք տեսակ օծման իւղեր կային.

Ա.- Բուն միւռոնը, որ կաթողիկոսը կ՛օրհնէր:
Բ.-  Մկրտութեան ձէթ, քահանան կ՛օրհնէր օրը օրին:
Գ.- Հիւանդաց ձէթ, որ պէտք եղած ատեն գործածուած իւղն է:

13-րդ դարէն ետք այս բոլոր իւղերը կը միաւորուին սրբալոյս միւռոնի մէջ:

Հայր Երեմիան մանրամասնեց. «Միւռոնին գլխաւոր նիւթը մաքուր ու անարատ ձէթն է, զտուած ու եփած, որուն կը միախառնեն արաբական կամ եգիպտական բալասան, դափնիի ձէթ եւ աւելի քան քառասուն տեսակ անուշահոտ ծաղիկներու եւ այլ բոյսերու հիւթերէն պատրաստուած իւղ»: Ան դիտել տուաւ, որ միւռոնօրհնէքի պահուն անոր կը միախառնեն հին միւռոնէն մաս մը, որպէսզի պահուի նուիրական շղթան, որ կ՛երթայ մինչեւ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ անկէ ալ մինչեւ Ս. Թադէոս առաքեալ:

Դասախօսութեան առընթեր, ցուցադրուեցաւ նաեւ Յովակիմ վրդ. Բանճարեանի կողմէ տեսերիզ, որ ամբողջական նկարագրութիւնը կը կատարէր միւռոնի պատրաստութենէն մինչեւ օրհնութիւն:

Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սարկաւագները` հրամցնելով երեք շարականներ Ս. Հոգիի ուղղուած, «Սարսափելի», «Բացիր, Տէր, այսօր զգանձդ» եւ «Հոգի Աստուծոյ»:

Դասախօսութեան աւարտին Երեմիա աբղ.  Տեկիրմեճեան ներկաներուն բաժնեց միւռոնի կաթսային մասին գիտելիքներու թերթիկներ:

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 69

Յաջորդը

Լիբանանահայը` Քանատահայ – 4. Երգ Երգոց

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?