ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախկին ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ տեղական զանազան խնդիրներ:
Քիւպիչ Լիբանանէն ետք նոյն պաշտօնով նաեւ գործեց Լիպիոյ մէջ:
Քիւպիչ իր գնահատումները կատարեց Միջինարեւելեան անցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին:


