Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մտահոգիչ Են Հայաստան- Թուրքիա Բանակցութիւնները Եւ Մուրատ Փափազեանի  Հայաստան Մուտքի Արգիլումը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մտահոգիչ Են Հայաստան- Թուրքիա Բանակցութիւնները Եւ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան Մուտքի Արգիլումը»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը կատարած է դիմատետրեան գրառում մը, որուն մէջ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան արգիլելու հարցին: Գրառումին մէջ կը նշուի. «Մտահոգիչ են վերջին օրերուն Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման գծով: Նման երեւոյթներ կրնան բացասական հետեւանքներ...

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոն.   Նաւակատիք` Նորակառոյց Նստավայրի

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոն. Նաւակատիք` Նորակառոյց Նստավայրի

Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան հովանաւորութեամբ գործող «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի նորակառոյց նստավայրին նաւակատիքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 9 յուլիս 2022-ին, նախկին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի մանկապարտէզի շէնքին մէջ: Միաժամանակ կատարուեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի հիմնադրութեան 35-ամեակի հանդիսութիւնը: Լիբանանի հայ համայնքապետերու հովանաւորութեամբ կայացած ձեռնարկին ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայ Դատի Մարմինը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայ Դատի Մարմինը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ու Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ առաւօտեան այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ։ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանին փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման նկատմամբ իր մտահոգութիւններն ու բողոքը։ Պատուիրակութիւնը դեսպանին փոխանցեց, որ կատարուածը կը նկատէ Թուրքիոյ հաճոյանալու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ներկայացուցիչին Հանդիպումները Վատիկանի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ներկայացուցիչին Հանդիպումները Վատիկանի Մէջ

Երեքշաբթի, 12 յուլիս 2022-ին  Նարեկ արք. Ալեէմէզեան Վատիկան այցելեց եւ յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին հանդիպումներ ունեցաւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Սրբազանը նախ տեսակցեցաւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար` Պրայըն Ֆերրըլ եպիսկոպոսին հետ եւ քննարկեց Կաթողիկէ եկեղեցին եւ Հայ եկեղեցին ու Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները շահագրգռող միջեկեղեցական հարցեր: Յայտնենք, որ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ Քուրթ Քոխ կարտինալ միջեկեղեցական առաքելութեամբ կը բացակայէր Վատիկանէն: Ապա...

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

7 յուլիս 2022-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը (ՄԱԵԽ) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ յիշեալ խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ խորհուրդներուն մէջ գործող բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառին հետ խորհրդակցիլ միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող կարգ մը հարցերու շուրջ: Կաթողիկոսը իր ունեցած երկար տարիներու միջեկեղեցական փորձառութեան լոյսին տակ...

Հոգեմտաւոր Կեդրոն. Դպրեվանքի 91-րդ Հունձքը

Հոգեմտաւոր Կեդրոն. Դպրեվանքի 91-րդ Հունձքը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը տարագրութենէն 91 տարիներ ետք տակաւին կը շարունակէ իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնը: Դպրեվանքը 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը բոլորեց ընծայաբերելով դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ եւ նուիրեալ երեք կուսակրօն քահանաներ: Կիրակի, 3 յուլիս 2022-ի երեկոյեան Պիֆքայայի Ս. Աստուածածնի վանքին կողքին բարձրացած Եղեռնի Նահատակաց յուշարձանին լանջերուն եւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին կրկնապատկերին կողքին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ դպրեվանքի 91-րդ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական այս տարուան մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 4 յունիս 2022-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու 46 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Նահատակ ազատամարտիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի միացեալ ճիգերով 2003 թուականին հաստատուած միջդպրոցական «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը այս տարի գլխաւոր թեմա ունեցաւ հերոսի, ուսուցիչի,...

«Ազդակ» Առցանց  51-րդ Լսարան.    Յակոբ Ասատրեան. «Չեխահայ Համայնքը Իւրայատուկ Տեղ Ունի Եւրոպայի Հայ Համայնքներուն Մէջ»

«Ազդակ» Առցանց 51-րդ Լսարան. Յակոբ Ասատրեան. «Չեխահայ Համայնքը Իւրայատուկ Տեղ Ունի Եւրոպայի Հայ Համայնքներուն Մէջ»

«Ազդակ»-ի առցանց 51-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 11 յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մասնակցութեամբ հայրենի թէ սփիւռքահայ լրագրողներու, պատմագէտներու եւ մտաւորականներու: Օրուան բանախօսն էր Չեխիոյ «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան: «Ազդակ»-ի անունով Մինաս Հանս Քէհեան վարեց լսարանային այս զրոյցը, ուր աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկաները տեղեկացան չեխահայ համայնքի ծագման, կազմաւորման, գործունէութեան հիմնական փուլերուն եւ այլ իրագործումներուն մասին: Յակոբ...

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակէ Իր Երթը

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակէ Իր Երթը

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 10 յուլիսին կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին «Արաքս» փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» երրորդ նախաձեռնութեան բացումը: Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնք միշտ քաջալեր կը հանդիսանան «Մեր շուկան» նախաձեռնութեան եւ իրենց արտադրութիւնները կը ցուցադրեն: «Մեր շուկան» նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին` միութիւններ, հաստատութիւններ, հրատարակչատուներ, գրախանութներ, նաեւ` անհատներ:...

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակութիւնը ներկայացնող պատուիրակցութիւն մը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ տեսակցեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ սենտիքայական աշխատանքներու պատասխանատու տոքթ. Էլի Թաշճեանի հետ: Քննարկուեցան երկրին տնտեսական իրավիճակը եւ անոր ծանրագոյն ազդեցութիւնը աշխատաւոր դասակարգին վրայ: Ներկաները խորհրդակցեցան տիրող դժուար պայմաններու մէջ տարբեր ծրագիրներով աշխատաւորներու արժեզրկուած աշխատավարձերուն...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը

Երկուշաբթի, 4 եւ երեքշաբթի, 5 յուլիս 2022-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հայրապետանիստ Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին եւ «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանական ընդհանուր ժողովը: Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու մասնակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անցնող քանի մը տարիներուն Կիլիկեան ուխտի միաբանութենէն առ յաւէտ հեռացած վախճանեալ...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ «Պէյրութ` Լոյսի Օրրան» Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ «Պէյրութ` Լոյսի Օրրան» Ցուցահանդէսի Բացում

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ միւռոնօրհնէքի առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, շաբաթ, 2 յուլիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Պէյրութ` լոյսի օրրան» խորագիրով ցուցահանդէսին: Ներկայ էին միւռոնօրհնէքին առիթով Լիբանան հասած հիւրեր, լիբանանահայ արուեստագէտներ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ: Այս ցուցահանդէսը կը համախմբէ անցնող քանի մը տարիներուն...

Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց «Ազդակ»

Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց «Ազդակ»

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Սրբազանին կ՛ընկերակցէր Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Գրիգոր Արսլանեան: Հանդիպումը առիթ եղաւ սրբազան հօր զրուցելու հայաստանեան իրադարձութիւններուն, սփիւռքեան խնդիրներուն եւ Շիրակի թեմի հոգեւոր եւ մշակութային գործունէութեան մասին: Սրբազանը իր հերթին ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ բարձր գնահատեց սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայ մամուլի առաքելութեան լծուած խմբագիրներուն, լրագրողներուն աշխատանքները: Արա...

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի 2021-2022 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24  յունիսի երեկոյեան, վարժարանին շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, Այնճարի եւ Զահլէի «Կարմիր Լեռ» եւ « Արամ» կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին, Ազգային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Այնճարի միութենական միաւորներու ու մարմիներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ծնողներու եւ բազմաթիւ հայրենակիցներու: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք...

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Երեքշաբթի, 21 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու: Բացման խօսքը արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ արտակարգ վիճակէն ետք կարօտով կը սպասէին հաւաքական աշխատանքներուն, հանդէսներուն, ծնողական հանդիպումներուն...

Շնորհահանդէս` Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի Եւ Նիկոլ Դումանի Նամակներու Հատորներուն

Շնորհահանդէս` Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի Եւ Նիկոլ Դումանի Նամակներու Հատորներուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` երկուշաբթի, 4 յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին,  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան եւ մտաւորական Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Ռոստոմի անտիպ նամակները», «Նիկոլ Դումանի նամականի» եւ «Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները» հատորներուն, որոնք «Վէմ» մատենաշարին մաս կը կազմեն, շնորհահանդէսը: Բացման խօսքը արտասանեց Լենա Արապողլեան, որ դիտել տուաւ, թէ Լիբանանի ապրած այս տագնապալի օրերուն,...

Երեք Կուսակցութեանց Վերին Մարմիններու Ներկայացուցիչները Շնորհաւորեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 27-Ամեակը

Երեք Կուսակցութեանց Վերին Մարմիններու Ներկայացուցիչները Շնորհաւորեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 27-Ամեակը

Կիրակի, 3 յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգընտիր հայրապետին` Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին գահակալութեան 27-ամեակը: Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Հայրապետական մաղթանքի ճամբով, միաբան հայրեր եւ ժողովուրդ միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, որ անսասան եւ իր հովանիին տակ պահէ հայ եկեղեցին, ի մասնաւորի Մեծի Տանն...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ծանօթացաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Աշխատանքներուն

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ծանօթացաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Աշխատանքներուն

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան երէկ այցելեց Պուրճ Հասուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի ու քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներուն հետ: Հանդիպումէն ետք Բիւրոյի ներկայացուցիչը քաղաքապետին եւ խորհուրդի անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Պուրճ Համուտի շինարարական ծրագիրներու իրականացման տարբեր վայրեր, որոնցմէ` թափօններու թաղման բարեկարգուած վայրը եւ բարձր գնահատեց  շինարարական, վերանորոգման եւ քաղաքաշինութեան բազմաոլորտ աշխատանքները: Մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ բնակարանային ծրագիրի...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Կաթողիկէ Եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Կաթողիկէ Եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան

20-24 յունիս 2022-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 18-րդ հանդիպումը: Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս ժողովին կը ներկայացնեն Ս. Աթոռի միաբաններէն Մակար եպս. Աշգարեան եւ Պօղոս ծ. վրդ. Թինքճեան (համաքարտուղար), իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցան Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Տիրան եպս. Պետրոսեան: Սոյն...

Քասլիքի Համալսարանին Մէջ.  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 25-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Քասլիքի Համալսարանին Մէջ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 25-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 2 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Քասլիքի համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակին (Երկու տարի առաջ համավարակին եւ այլ դժուարութեանց պատճառով կարելի չէր եղած նշել վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակը, անիկա նշուեցաւ այս տարի) նուիրուած ձեռնարկ` ներկայութեան Լիբանանի եւ սփիւռքի տարածքին գտնուող թեմերու առաջնորդներու, նախկին եւ ներկայ...

Page 109 of 365 1 … 108 109 110 … 365

Արխիւներ