Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Կը Պարգեւատրուի Պատրիարքութեան Բարձրագոյն Պարգեւով

Սեպտեմբեր 26, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11:00-ին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը պատրիարքական բարձրագոյն` «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրելու արարողութիւնը:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքի սրբատառ կոնդակի ընթերցումէն ետք, առ ի գնահատանք հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքին, շքանշանը պարգեւատրեալին անձամբ յանձնեց պատրիարքը` յատուկ այս առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին:

Իր սրտի խօսքին մէջ Հ. Ճէպէճեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր տիրոջ, ապա դիտել տուաւ, որ ինք այս աշխատանքը կը կատարէ Քրիստոսի եւ հայ ժողովուրդին համար: Ան նշեց, որ քրիստոնէութեան ու ազգին ծառայութիւնը սրբութիւն է մեզի համար` իբրեւ քրիստոնեայ առաջին ժողովուրդ: Հաստատելով, որ մեր հաւատքի հիմքը Աստուածաշունչն է, Ճէպէճեան դիտել տուաւ, որ ատկէ մեկնած` կը փորձենք Աստուծոյ խօսքը հասցնել մեր ժողովուրդի բոլոր տարիքի ներկայացուցիչներուն, յատկապէս` նոր սերունդին, մանուկներուն եւ պատանիներուն, որովհետեւ անոնք են մեր ապագան:

Աւելի եւս հիմնաւորելու համար իր սկսած աշխատանքին դրդապատճառը, յետադարձ ակնարկ մը կատարելով, Ճէպէճեան պատմեց իր հին ծանօթութիւնը հոգեւոր տիրոջ հետ, երբ տակաւին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ էր, իսկ ինք Լիբանանի Աստուածաշունչի ընկերութեան մէջ կ’աշխատէր: Այս հանդիպումին ան նկատած էր հոգեւոր տիրոջ տագնապը` հոգեւոր գրականութիւն հասցնելու համար ժողովուրդին, հետեւաբար միասնաբար լծուած են մանուկներու յատուկ նկարազարդ հոգեւոր գիրքերու պատրաստութեան աշխատանքին, որ հասած է մինչեւ 17 գրքոյկի: 1981-ին սկսած այս գործակցութիւնը շարունակուած է, նոյնիսկ հոգեւոր տիրոջ մեկնումէն ետք Միացեալ Նահանգներ` Պըրպենք, Լոս Անճելըս, ապա` Յորդանան: Այս առթիւ Ճէպէճեան իր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնեց Աստուծոյ` պատրիարքին հոգեւոր, եկեղեցական եւ ազգային առաջնորդութեան համար:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաներ իրենց շնորհաւորանքները յայտնեցին պարգեւատրեալին:

Նախորդը

Հայոց Հարցը (Միայն Զէնքով Կայ Հայոց Փրկութիւն)

Յաջորդը

Նշմարներ. Անկախութիւն, «Հպարտ Քաղաքացի», Նահատակներ Եւ Նոր Հորիզոններ

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?