Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի նորընտիր վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ երգչախումբի խմբավար Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:
Յանուն երգչախումբին, հայր սուրբը որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառին, երգչախումբի գործունէութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան ու զօրակցութեան համար: Այս առիթով խմբավար հայր սուրբը կաթողիկոսին պարզեց երգչախումբին յառաջիկայ ծրագիրները եւ մասնաւորաբար ընդգծեց Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850-ամեակին նուիրուած յատուկ համերգը, որ պիտի կայանայ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հայր սուրբը նաեւ յիշեց, որ յառաջիկայ տարի երգչախումբին հաստատման 50-ամեակն է, եւ պարզեց այս առիթով կատարուելիք կարգ մը նախաձեռնութիւններ:
Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց խմբավար հայր սուրբին, վարչութեան, ինչպէս նաեւ երգչախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք յատկապէս Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ կը շարունակեն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել երգչախումբի ծրագիրներու իրագործման: Արամ Ա. նաեւ ընդգծեց մեր հոգեւոր ու մշակութային երաժշտական արժէքները տարածելու կոչուած երգչախումբին առաքելութեան կարեւորութիւնը:


