Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պուրճ Համուտ 2021-2031, Ծրագիրի Արձանագրութեան» Ստորագրութիւն` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Եւ Ֆրանսական Պատուիրակութեանց Միջեւ

Սեպտեմբեր 24, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» նշանախօսքով ծրագիրի երկրորդ փուլի մեկնարկման արձանագրութիւնը ստորագրուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 23 սեպտեմբեր 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Ֆրանսական պատկան պատուիրակութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ: Ձեռնարկին ներկայ էին Պուրճ Համուտի եւ Զալքայի քաղաքապետները, Պուրճ Համուտի թաղապետներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ, հարաւային Ֆրանսայի շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզելիէ, Ֆրանսայի հարաւային շրջանի «Ավեթիմ»-ի ընդհանուր տնօրէն, դեսպան Ֆիլիփ Մոնիէ, Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան համակարգումի կցորդ Սեպասթիեն Լըսոլընիէ, Ֆրանսայի հարաւային շրջանի փոխնախագահ Ժան Փիեռ Քոլին, ՄԱԿ-ի պատկան միաւորի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ թէ ոչ հայ մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ հասարակական դէմքեր:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեանի հանդիսավարութեամբ ձեռնարկը սկսաւ ֆրանսական եւ լիբանանեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Ապա Ճորճ Գրիգորեան բեմ հրաւիրեց քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը, որ իր խօսքը ուղղէ: Անգլերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ, քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Ֆրանսային, որ տասնամեակներէ ի վեր չի զլանար իր զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը Լիբանանին ըստ կարիքի, յանձինս նախագահ Մաքրոնի եւ առհասարակ ֆրանսական զանազան կառոյցներու անմիջական ընդառաջումին եւ օժանդակութեան զանազան մարզերուն մէջ: «Իբրեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ ցկեանս երախտապարտ եմ այլազան մարզերու մէջ ցուցաբերուող զօրակցութեան համար», ընդգծեց քաղաքապետը: «Իբրեւ ծագումով հայ քաղաքացի, խորապէս կը գնահատենք Ֆրանսայի ցուցաբերած սկզբունքային, բարոյական կեցուածքը` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի գործադրած պատերազմական ոճիրներու եւ ցեղային մաքրագործման գծով», շեշտեց ան: Այս առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետը անջատաբար հասցէագրելով ֆրանսական պատուիրակութեանց ներկայացուցիչները` ողջունեց զանոնք եւ իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան եւ օժանդակութեան համար` Պուրճ Համուտին եւ առհասարակ Լիբանանին: Ապա ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ յամեցող ներկայի դժուար պայմաններուն եւ ցցուող աննախընթաց դժուարութիւններուն, «ուր ոմանց համար ներկայիս տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարութեանց կողմէ քաղաքային վերականգնումի ճիգերը կրնան թուիլ շեփորային ու անտեղի»: «Այսուհանդերձ, մենք խորապէս համոզուած ենք, որ որեւէ հաւաքականութեան պատասխանատու, անհատ թէ խմբակ, պարտականութիւնն ու յանձնառութիւնը ունի ո՛չ միայն լուծելու առօրեայ անմիջական հարցերը, այլեւ` ծրագրելու ու խարսխելու շրջանին ու ժողովուրդին համար աւելի լաւ ապագայի հիմերը», ըսաւ քաղաքապետը` նշելով, որ անցնող եռամեակին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր նման ծրագիրի մը կիրարկման կառչելուն առնչութեամբ: «Սակայն մեր ֆրանսացի բարեկամները փութացին մեզ օժանդակելու ո՛չ միայն մեր հրատապ հարցերու լուծման, այլեւ` երկարաշունչ ծրագիրներու իրագործման զօրակցութեան քայլերով», աւելցուց Պօղոսեան:

Ապա յաջորդաբար ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Ֆրանսայի դեսպանական կցորդն ու պատուիրակութեանց ներկայացուցիչներ Ժան Փիեռ Քոլին, Ֆիլիփ Մոնիէ, եւ Ռընօ Միւզելիէ, որոնք վերահաստատեցին իրենց գլխաւորած կազմակերպութեանց եւ  կառոյցներու ու առհասարակ Ֆրանսայի զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը Պուրճ Համուտին եւ առհասարակ Լիբանանին: Այս գծով ուշագրաւ էր ֆրանսացի ներկայացուցիչներու յատուկ նախանձախնդրութիւնը` շեշտելու իրենց զօրակցութիւնը նաեւ հայ ժողովուրդին` Հայաստանի թէ Արցախի մէջ, դատապարտելով Ազրպէյճանի կիրարկած հակահայ սադրանքները: Ժան Փիեռ Քոլին դրուատեց հայ ժողովուրդի շինարար ոգին ու վերականգնումի նախաձեռնութիւնները` հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն:

Այս առիթով «Ավեթիմ»-ի նախագահ Ակնես Ռամփալ կարճատեւ տեսերիզով ֆրանսերէն պատգամ մը յղեց ներկաներուն` վերահաստատելով իր եւ ընդհանրապէս ֆրանսական կառոյցներու զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը Պուրճ Համուտին եւ առհասարակ Լիբանանին: Ռամփալ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճիգերը` տիրող տագնապէն դուրս գալու գծով:

Ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ֆրանսացի ներկայացուցիչներ Միւզելիէի եւ Ֆիլիփ Մոնիէի միջեւ ստորագրուեցաւ «Պուրճ Համուտ 2021-2031, միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» նշանախօսքով գործակցութեան արձանագրութիւնը:

Աւարտին, քաղաքապետ Պօղոսեան ներկայ հիւրերը պատուեց յուշանուէրներով, ապա ներկաները հրաւիրուեցան յատուկ հիւրասիրութեան:

 

 

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Ժողովրդական Տօներէն. Սուրբ Գէորգ Եւ Վարագայ Սուրբ Խաչ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հարաւային Ֆրանսայի Նահանգի Նախագահ Ռընօ Միւսելիէն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?