Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Համաժողովին

Սեպտեմբեր 26, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համաժողովը կայացաւ 31 օգոստոսէն մինչեւ 8 սեպտեմբեր 2022, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ խորհուրդի անդամ աւելի քան 350 եկեղեցիներու շուրջ 4000 պատուիրակներու: Համաժողովը կը կրէր «Քրիստոսի սէրը աշխարհը կը մղէ հաշտութեան եւ միասնութեան» խորագիրը: Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը համաժողովին իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ 12 պատուիրակներով` Կոմիտաս արք. Օհանեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Մասիս եպս. Զօպուեան, Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան, փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան, Սեդա Խտըշեան, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան, Վանայ Կիտցինեան, Թամար Գանարեան եւ Արազ Գոճայեան: Յիշենք, որ Քարլա Խիժոյեան (Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան նախկին անդամ) կը շարունակէ վարել ԵՀԽ-ին մէջ Միջին Արեւելքի բաժինի պատասխանատուի իր պաշտօնը:

ԵՀԽ-ի համաժողովը գերագոյն ժողովն է խորհուրդին, որ իւրաքանչիւր 8 տարին անգամ մը կը գումարէ իր նիստերը: Վերջին համաժողովը տեղի ունեցաւ 2013 թուականին, Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորէա, եւ թագաժահրի համաճարակին պատճառով 11-րդ համաժողովը տարուան մը ուշացումով գումարուեցաւ այս տարի, Գերմանիոյ եկեղեցիներու միասնական հրաւէրով:

Մասնակիցները, պատգամաւորները, ներկայացուցիչները, երիտասարդները, ուսանողները, հիւրերը եւ դիտորդները համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին` զանազան լիակատար նիստերու, միջեկեղեցական զրոյցներու, պաշտամունքներու, վարժանիստերու եւ դաւանական ու տարածաշրջանային ժողովներու: Համաժողովի ընթացքին արծարծուեցաւ ու վաւերացուեցաւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան լիազօրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական վարչութիւնը:

Համաժողովի լիակատար նիստերու ընթացքին եւ  յանձնախումբերու ժողովներուն մէջ մեր Ս. Աթոռին պատուիրակութիւնը պարզեց Հայ եկեղեցւոյ ու ազգին արդար պահանջները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամները մաս կազմեցին հետեւեալ յանձնախումբերուն. Հանրային հարցերու (դոկտ. Ն. Պայրագտարեան- Գապագեան, դիւանի անդամ), Թեկնածութեան (Թ. Գանարեան), Ծրագիրի ուղեցոյցի (փրոֆ. Թ. Փիրրի-Սիմոնեան), Տնտեսութեան (Ս. Խտըշեան) եւ Պատգամի (հայր Հրանդ): Նշենք, որ հայր Հրանդ կրօնի եւ հաւատքի ազատութեան վերաբերեալ միջեկեղեցական նիստին ատենապետութիւնը վարեց. նիստին կողմէ յառաջացած տեղեկագիրը ԵՀԽ-ի յառաջիկայ ութ տարուան ուղեցոյցին մաս պիտի կազմէ:

Կարեւորութեամբ հարկ է նշել, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ երկու յաջորդական ընտրաշրջանի համար ատենապետած է ԵՀԽ-ի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութիւնները, միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան նախագահներէն մէկը` ներկայացնելով Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները եւ Միջին Արեւելքը:

Աւելի՛ն. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան ընտրուեցան ԵՀԽ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ:

Յատկանշական է, որ մեր պատուիրակութեան անդամներէն եւ Հանրային հարցերու յանձնախումբի դիւանի անդամ դոկտ. Պայրագտարեան-Գապագեանի ջանքերով եւ խորհրդակցաբար վեհափառ հայրապետին, համաժողովը որդեգրեց Արցախի հարցին վերաբերեալ բանաձեւ: Բանաձեւին մէջ, որ արդէն իսկ հրապարակուեցաւ, համաժողովը բարձրացուց հայ ռազմագերիներու վերադարձի հարցը, հայկական կրօնական ու մշակութային վայրերու եւ կոթողներու աւերման ու բնաջնջման խնդիրը, կոչ ուղղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ միջազգային ընտանիքին` պատշաճ միջոցներ որդեգրելու պաշտպանելու եւ պահպանելու համար զանոնք, ինչպէս նաեւ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, որպէսզի յանձնառու ըլլայ քայլեր առնելու Արցախի հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ լուծման:

Նախորդը

Սուրիոյ Ազգային Սեմֆոնիկ Նուագախումբը, Ղեկավարութեամբ Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի, Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Հիմնադրութեան Յիսնամեակը Նշեց Հալէպի Մէջ

Յաջորդը

Կրթական-Միութենական Նոր Տարեշրջանի Վերամուտին Առիթով`. Ինչո՞ւ Չվստահիլ…

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?