Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելուները

October 4, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հռոմէն`
Քարիթասի Պատուիրակութիւնը

Լիբանան կատարած իրենց այցելութեան ծիրին մէջ Հռոմի Քարիթասի ներկայացուցիչները այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք եւ հանդիպում ունեցան Արամ Ա. վեհափառին հետ: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Լիբանանի Քարիթասի ներկայացուցիչները:

Կաթողիկոսը ընդհանուր գիծերով պարզեց Լիբանանի ժողովուրդին ընկերատնտեսական դժուարութիւնները եւ իր գնահատանքը յայտնեց Քարիթասին` անոր կատարած ընկերային օժանդակութիւններուն համար, միաժամանակ ան թելադրեց, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կատարուած օժանդակութիւնները հեռու ըլլան պարագայական կերպով կատարուող օժանդակութիւններէ եւ ըլլան աւելի կազմակերպ ու ամբողջական:

Համազգայինի Պարախումբը

Լիբանանի Համազգայինի «Քնար» պարախումբին անդամները, առաջնորդութեամբ իրենց վարչութեան, այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ:

Յայտնենք, որ անցնող շաբաթներու ընթացքին, ընդառաջելով Քոմոթինիի (Յունաստան) քաղաքապետութեան, պարախումբը ելոյթ ունեցած էր «Հայկական պարերու փառատօն»-ին` արժանանալով բոլորին գնահատանքին: Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ ու գնահատանքը յայտնեց պարախումբին եւ ընդհանրապէս Համազգայինի ընտանիքին ու մաղթեց, որ Համազգայինը` իբրեւ մշակոյթի ու կրթութեան նուիրուած միութիւն, վերանորոգ թափով շարունակէ իր առաքելութիւնը սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ:

ՀԵՀՈՄ-ի Երիտասարդներուն
Այցելութիւնը

Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամները Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ իրենց տարեկան այցելութիւնը տուին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Հանդիպման սկիզբը ուղերձը կարդաց ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան ատենապետ Ռիթա Աստիքեանը: Իր ուղերձին մէջ, յանուն ՀԵՀՈՄ-ի մեծ ընտանիքին, ան շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Ապա ան ընդգծեց, որ անցնող տարուան ընթացքին, կաթողիկոսին օրհնութեամբ, ՀԵՀՈՄ-ը ընկերային ծառայութեան թափ տալով` իր առաքելութիւնը առաւել եւս ընդարձակեց եւ օգտաշատ ծրագիրներով անդամներուն թիւը բազմացուց:

Ուղերձէն անմիջապէս ետք ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Զաւէն վրդ. Նաճարեան կաթողիկոսին ներկայացուց յառաջիկայ տարեշրջանի ՀԵՀՈՄ-ի ծրագիրներն ու աշխատանքները: Հայր սուրբին խօսքէն ետք ՀԵՀՈՄ-ականներ գեղարուեստական հակիրճ յայտագիր մը ներկայացուցին` կատարելով հայ թէ օտար դասական երաժշտութենէն կտորներ:

Կաթողիկոսը ողջունելով ՀԵՀՈՄ-ականներուն այցելութիւնը եւ ընդհանրապէս միութեան գործունէութիւնը` շեշտեց, որ սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքին մէջ երիտասարդութիւնը, մասնաւորաբար` համալսարանական երիտասարդութիւնը, իր յատուկ խօսքն ու դերը պէտք է ունենայ, որովհետեւ ան իր մասնագիտութեամբ ու կազմաւորումով խթան կը հանդիսանայ հայ ազգին ու եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան: Հետեւաբար հայ երիտասարդը մնայուն ու գործօն ներկայութիւն պէտք է դառնայ հայ գաղութներուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքի աւարտին բարձր գնահատելով ՀԵՀՈՄ-ի գործունէութիւնը` վստահեցուց, որ միութեան յառաջիկայ ծրագիրները պիտի վայելեն կաթողիկոսարանի անմիջական աջակցութիւնը:

Հանդիպման աւարտին երիտասարդները Ս. Աստուածածին մատրան դիմաց հաւաքուելով` երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, ապա յիշատակի խմբանկար մը առին հայրապետին հետ: Վերջապէս, ՀԵՀՈՄ-ական երիտասարդները դպրեվանքին մէջ սիրոյ սեղանի շուրջ ունեցան իրենց ընթրիքը:

Ազգային Ծերանոցի Տնօրէնութիւնն
ու Խնամակալութիւնը 

Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Ազգային ծերանոցի տնօրէնին եւ խնամակալութեան: Անոնք եկած էին վեհափառ հայրապետին պարզելու հաստատութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Կաթողիկոսը, առաջին հերթին, իր հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը յայտնեց Ազգ. ծերանոցին, հոն հաստատուած մեր հայրերուն ու մայրերուն եւ բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ ցուցաբերուող հոգածութիւնը: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով հրամայական նկատեց Ազգային ծերանոցին գործունէութեան եւ կարիքներուն ու ծրագիրներուն օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` այս դժուար օրերուն, երբ երկիրը տնտեսական տագնապի մէջ կը գտնուի:

 

Նախորդը

Ծիրանի Տունկը Պատնէշի Վրայ

Յաջորդը

Նշմար. Բան Մը Պիտի Փոխուի՞… Գործնապէս

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.