Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան նախկին պատուոյ հիւպատոս,քանատահայ գործարար Վարուժան Լափոյեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։Հիւրին կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ իր ներկայացուցիչ Հայկ Լափոյեան։
Վարուժան Լափոյեան ծանօթ է իր կատարած նուիրատուութիւններով քանատահայ թէ ընդհանրապէս սփիւռքահայ կեանքի կրթական, հասարակական եւ միութենական մարզերուն մէջ։
Իր այցելութիւնը առիթ եղաւ խօսակցելու հայրենական խնդիրներուն, Սփիւռքի մեր իրականութեան, մամուլի առաքելութեան եւ մեր կազմակերպ կեանքի զարգացման միտող ծրագիրներուն մասին։
«Ազդակ» այս նիւթերը արծարծող հարցազրոյց մը ունեցաւ քանատահայ բարերարին հետ, որ շուտով կը հրատարակուի։


