Շաբաթ, 1 հոկտեմբեր 2022 թուականը Լիբանանի մէջ յատկանշական բնոյթ ստացաւ, որովհետեւ երկրի տարածքին, զանազան շրջաններու մէջ կազմակերպուեցան խնձորի փառատօներ:
Բնականաբար Այնճարը պիտի ունենար իր կենդանի եւ ազդու մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւնը, այն իմաստով, որ գիւղի խնձորի արտադրութիւնը ակնյայտ շեշտաւորումով իր արժանի տեղը ունի շրջանին մէջ:
Լիբանանեան քայլերգէն ետք Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան բացման խօսքին մէջ ողջունեց երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասանը եւ ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Փուչիկեանը, Պեքաայի երեսփոխան տոքթ. Պիլալ Հըշէյմին, Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, շրջակայ գիւղերու քաղաքապետներն ու հոծ բազմութիւնը: Ան վեր առաւ հողին կառչելու կարեւորութիւնը` անդրադառնալով լիբանանեան հայրենիքին նկատմամբ մեր ժողովուրդին հաւատքին ու կամքին:
Խօշեան դիտել տուաւ, որ խնձորի աւանդական հողագործութեան մաս կը կազմէ` շեշտելով, որ երկրագործութեան նախարարութիւնը պէտք է աշխատանք տանի դիւրացնելու խնձորին արտածումն ու սպառումը:
Ապա խօսք առաւ Ապպաս Հաժ Հասան, որ առաջին հերթին բարձրօրէն գնահատեց հայ համայնքին հիմնական ու գործնական ներդրումը երկրի բարգաւաճման մէջ, ինչպէս նաեւ գոհունակութեամբ շեշտեց օրուան փառատօնին հոյակապ կազմակերպուածութիւնը:
Ան անդրադարձաւ լիբանանեան երկրագործութեան կարեւորութեան եւ անոր դիմագրաւած բազում տագնապներուն` դիտել տալով, թէ աշխատանք կը տարուի անոնց լուծման:
Ազգ. Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի պարախումբի հոյակապ ներկայացումէն ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց նախարար Ճորճ Փուչիկեան:
Այս առիթով քաղաքապետ Խօշեան յուշանուէր յանձնել երկրագործութեան նախարարին` երկրագործին կողքին կանգնելու անոր մնայուն ճիգին համար:
Ան ըսաւ, որ Այնճար նշանաւոր է իր խնձորներու տեսականիով եւ որակով, ինչպէս նաեւ անոնց բացառիկ համով, որուն շնորհիւ ալ ան կը մրցի շրջակայ գիւղերուն եւ շրջաններուն հետ: Նախարարը ըսաւ, որ Լիբանան հարուստ է մարդուժով եւ բնական պաշարով ինչպէս նաեւ բիւրեղ ջուրով ու ակերով, ցանքի համար լաւագոյն հողով, տուեալներ, որոնք կարեւոր են լաւ բերք ունենալու համար:
Աւարտին ներկաները թափօրով շրջեցան բազմատեսակ խնձորի խցիկները, ուր իւրաքանչիւր տեսակ ունէր համապատասխան բացատրութիւն, ինչպէս նաեւ ցուցադրութեան դրուած էին խնձորէն արտադրուած զանազան մթերքներ, որոնք հրամցուեցան ներկաներուն:




