Երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2022-ին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին: Կեդրոնական վարչութեան անդամները հոգեւոր տիրոջ ներկայացուցին Համազգայինի աշխարհատարած գործունէութիւնը եւ քննարկեցին հայ կեանքը յուզող հարցեր:
Հոգեւոր տէրը բարձր գնահատեց Համազգայինի կրթական ու մշակութային առաքելութիւնը ու յաջողութիւն մաղթեց Կեդրոնական վարչութեան: