Լուրեր Կաթողիկոսարանէն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ-Անկլիքան Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Արեւելեան ուղղափառ-անկլիքան եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբը իր տարեկան հաւաքը կայացուց 24-29 հոկտեմբեր 2022-ին, Անգլիոյ մէջ, վայելելով Ղպտի եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմի հիւրընկալութիւնը: Յանձնախումբը իր ժողովը գումարեց Էսսեքսի Պրէյնթրի աւանին մէջ գտնուող Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ «Բեթել» կեդրոնին մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, սոյն յանձնախումբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ միջեկեղեցական...




















