Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Գործունէութեան Եւ Ապագայ Ծրագիրներու Ներկայացում

November 15, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 14 նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջմիութենական հաւաք, որուն ընթացքին ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւնները` ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները անջատաբար ծանօթացուցին իւրաքանչիւր միութեան գործունէութիւնն ու ապագայ ծրագիրները: Հաւաքին ներկայ էին միութենականներ եւ համակիրներ:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Օրուան հանդիսավար Արմէն Ապտալեան բացումը կատարեց հաւաքին, ապա հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որպէսզի ուղղէ իր խօսքը: Ան տեղեկացուց, որ նոյն օրը առաւօտուն տեղի ունեցաւ ուղեկից միութիւններու արդիւնաւէտ խորհրդաժողով, որուն գումարման վայրը ընտրուեցաւ Լիբանանը, որովհետեւ ՀՅԴ Բիւրոն կը գնահատէ Լիբանանի դերը` իբրեւ սփիւռքի ճաճանչող սիրտը, իբրեւ այն համայնքը, որ միշտ եղած է հնոց ու մարդուժ հայթայթած թէ՛ կուսակցութեան եւ թէ՛ միութիւններուն: Ան շեշտեց, որ այսօր ալ լիբանանահայութիւնը պատնէշի վրայ է, իսկ համահայկական այդ կառոյցները միշտ ալ պատրաստ են ամէն գնով նեցուկ կանգնելու Լիբանանին:

Ապա Յակոբ Տէր Խաչատուրեան լուսարձակի տակ առաւ ներկայիս Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, առկայ մարտահրաւէրները, ներկայ իշխանութեան վարած պարտուողական վտանգաւոր քաղաքականութիւնը, որուն ամբողջովին դէմ է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Այս իրականութեան լոյսին տակ, ան դիտել տուաւ, որ այսօր կուսակցութիւնը կոչուած է թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ պայքար մղելու, պաշտպանելու հայութեան իրաւունքները ամէնուրեք` շեշտելով, որ ՀՅԴ-ին համար պետականութիւնը սրբութիւն է, ուստի ամէն գնով պիտի պաշտպանէ զայն:

Ապա  ՀՕՄ-ի ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան տեսերիզով ներկայացուց ՀՕՄ-ի գործունէութիւններն ու ծրագիրները: Երկրորդ բաժինով ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էին ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած գործունէութիւնն ու ծրագիրները: Այնուհետեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան` դարձեալ տեսերիզով, ներկաներուն ծանօթացուց Համազգայինի ծաւալած աշխատանքները: ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Ցողիկ Աշըքեան եւս անդրադարձաւ գրասենեակին տարած գործունէութեան:

Ներկայացումներու աւարտին Արմէն Ապտալեան բեմ հրաւիրեց զեկուցաբերները, որպէսզի պատասխանեն ներկաներու հարցումներուն:

Թատերասրահին մէջ գտնուող միութենականները գրաւոր ներկայացուցին իրենց հարցումները, եւ Ապտալեան զանոնք հերթաբար ուղղեց զեկուցաբերներուն, որոնք լուսաբանեցին ներկաները եւ համապատասխան բացատրութիւններ տուին անոնց հարցումներուն:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Ուղեկից Միութիւններու Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ Խրամորթի Միջադէպը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.