Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՄԸՄ-ը Մեր Ժողովուրդին Հոգեւոր, Բարոյական, Ազգային, Մշակութային Ու Պահանջատիրական Արժէքները Կը Բովանդակէ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

November 15, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախապէս հաղորդեցինք, որ կիրակի, 13 նոյեմբեր 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ՀՄԸՄ-ի նահատակներու եւ ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Անկէ ետք ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու խորհրդաժողովի մասնակից բոլոր անդամները ընդունելով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր համահայկական առաքելութեամբ ոչ միայն հոգեւոր տունը դարձած է ողջ հայութեան, այլ նաեւ ազգային տունը` մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, առանց խտրութեան: «Անթիլիասին խօսքը իր գո՛րծն է: Այս յանձնառութեամբ իր առաքելութիւնը կը կատարէ հայրապետական այս Ս. Աթոռը: Անոր առաքելութիւնը միայն կրօնական պարունակի մէջ պէտք չէ դիտել, այլ` համաժողովրդային ու համահայկական: Այս առաքելութեան մշակներն են, հայ հոգեւորականին կողքին, ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալող մեր միութիւնները ու կազմակերպութիւնները, որոնցմէ մէկն է ՀՄԸՄ-ը», յայտնեց ան: Լուսարձակի տակ բերելով միութեան կարեւոր դերը հայ կեանքին մէջ` կաթողիկոսը շեշտեց, որ հայրենիքին ու ազգին գերագոյն իտէալներուն իրականացման նկատմամբ մեր ունեցած հաւաքական առաքելութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է ՀՄԸՄ-ը: «Անիկա սոսկ մարմնակրթական կազմակերպութիւն մը ըլլալէ անդին, մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, ազգային, մշակութային ու պահանջատիրական արժէքները իր մէջ բովանդակող միութիւն մը եղած է», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Հանդիպման ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան Արամ Ա. կաթողիկոսին յանձնեց Միութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէր մը, որուն վրայ քանդակուած էր հայրապետին հետեւեալ խօսքը. «ՀՄԸՄ-ը սովորական իմաստով մարմնամարզական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն է` իր էութեամբ ու նպատակով»:

Նախորդը

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Համար Արեւմտեան Թեմը Հարիւր Հազար ($100,000) Տոլարով Հիմնադրամ Կը Հաստատէ Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.