Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմը Ընտրեց Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Պատգամաւորները

Նոյեմբեր 15, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նորընտիր Ազգային Երեսփոխանական
Ժողովի Անդրանիկ Նիստ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ Լիբանանի նորընտիր Ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարեց իր անդրանիկ նիստը:

Առաջնորդ սրբազան հօր բացման բարիգալստեան խօսքէն ետք, ժողովը յառաջացուց իր մնայուն դիւանը` ատենապետ ընտրելով Վիգէն Աւագեանը, փոխատենապետ` Ալեքսան Մուրատեանը եւ երկու քարտուղարներ` Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան եւ Վիքի Գարագաշեան-Այնթապլեան:

Սրբազան հօր արտասանած Տէրունական աղօթքէն ետք, նաեւ «Հոգւոց» աղօթքը արտասանուեցաւ` ի յիշատակ Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկու հանգուցեալ անդամներուն` Գառնիկ Մկրտիչեանին ու Տիգրան Գալայճեանին, որոնք զոհը դարձան «Քորոնա» համավարակին:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հայրը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը, որով կաթողիկոսը, վաւերացնելով Երեսփոխանական ժողովի նորընտիր անդամները, գոհունակութեամբ կը նշէր, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող դժուար պայմաններուն` թեմը յաջողեցաւ կազմակերպել Ազգային երեսփոխաններու ընտրութիւնը: Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը նաեւ կը նշէր, որ շնորհիւ հաւաքական հաւատքին եւ վճռակամութեան` լիբանանահայութիւնը կրցաւ տոկալ զինք շրջապատող ընկերատնտեսական անկանխատեսելի դժուարութիւններուն: Ան կը թելադրէր միասնական ճիգով ու նուիրեալ աշխատանքով շարունակել մեր համայնքի վերականգնումի եւ վերակազմակերպումի աշխատանքները եւ կը շեշտէր, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մնայ զօրակից եւ գործակից Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր աշխատանքներուն:

Վեհափառը նաեւ նշած էր, որ Անթիլիասի մէջ 7-9 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Ազգային ընդհանուր ժողովին Լիբանանի թեմի մասնակցութիւնը աշխուժ պէտք է ըլլայ` գործնապէս ցոյց տալու համար հայաշխարհին, որ լիբանանահայութիւնը կենսունակ է իր կեանքով եւ յանձնառու` իր համազգային դերակատարութեան մէջ: Վեհափառը յայտնած էր, որ Ազգային ընդհանուր ժողովը նաեւ առիթ է, որ Լիբանանի թեմը իր շնորհակալութիւնը յայտնէ բոլոր այն թեմերուն եւ ազգայիններուն, որոնք տագնապներու ընթացքին զօրավիգ կանգնեցան լիբանանահայութեան:

Ապա ժողովը միաձայնութեամբ ընտրեց Ազգային Ընդհանուր ժողովին մասնակցող թեմի հետեւեալ 15 պատգամաւորներն ու 3 անձնափոխանորդները.

  1. Մկրտիչ Մկրտիչեան
  2. Յակոբ Բագրատունի
  3. Յակոբ Գ. Հաւաթեան
  4. Յակոբ Լուսարարեան
  5. Էլի Թաշճեան
  6. Շահան Գանտահարեան
  7. Վիգէն Աւագեան
  8. Վաչէ Նաճարեան
  9. Զաքար Քէշիշեան
  10. Րաֆֆի Սիսլեան
  11. Ալեք Մուրատեան
  12. Վարդինէ Օհանեան
  13. Մարտիկ Պօղոսեան
  14. Վարդգէս Խօշեան
  15. Յակոբ Լատոյեան

Փոխանդամներ

  1. Վահրամ Էմմիեան
  2. Սեպուհ Այնթապլեան
  3. Յակոբ Տէր Ղուկասեան

 

Այնուհետեւ Ազգ. վարչութեան մասնաւոր հրաւէրով, Սփիւռքի տարուան առիթով հակիրճ ելոյթ մը ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ 2022 տարեսկիզբին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հռչակագրի ընդհանուր խորագիրներու մէջբերումով ներկայացուց սփիւռքին դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ սփիւռքը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութեան մասին խօսելով` յիշեցուց, որ միացեալ ճիգ ու կամք անհրաժեշտ են, որպէսզի թեմական եւ համայնքային մակարդակներու գործակցութեամբ տեղի ունենայ այդ գործընթացը:

Այնուհետեւ եզրափակիչ իր խօսքով սրբազան հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիգրան Ճինպաշեանին եւ յիշեցուց, որ այս առիթով բոլորս ալ կը գիտակցինք, թէ մասնաւորաբար անցնող քանի մը անկումային տարիներուն մեր կեանքին մէջ շատ բան խախտեցաւ: Ուստի սրբազանը յիշեց, որ մեր ուժերը լարելով` պէտք է վերանայինք ու վերատեսութեան ենթարկենք մեր ունեցած պարտականութիւններն ու աշխատանքները, որպէսզի խիզախ քայլերով մեր հաւաքականութիւնը պահենք յառաջապահ դիրքի վրայ եւ վաղուան մեր կեանքին համար գոյացնենք նոր վաստակ:

Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր աղօթքով:

Նախորդը

Նախակոչ Եւ Փիլիպպոս Առաքեալները

Յաջորդը

Հայաստա՞ն, Թէ՞ Արցախ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?