Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան

Նոյեմբեր 17, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարժարանի Գրադարանը
Վերանուանուեցաւ ՀՕՄ–Ի Անունով

Երեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2022-ին, կէսօրուան ժամը 13:45-ին Ազգային Միացեալ վարժարան այցելեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, որ դպրոցի մուտքին ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ աշակերտութեան կողմէ` հայկական աւանդական աղ ու հացի հիւրասիրութեամբ եւ հայկական խմբային շուրջպարերով:

Ներկայ էին նաեւ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ արք. Փանոսեան, վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան, Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան, խնամակալութեան անդամներն ու վարժարանի տնօրէնութիւնը:

Ապա հիւրերը բարձրացան «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահ, ուր աշակերտութիւնը հանդէս եկաւ գեղարուեստական ամփոփ յայտագիրով մը, որմէ ետք վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեան կարդաց տնօրէնութեան խօսքը եւ ըսաւ. «Չկայ աւելի վսեմ զգացում, երբ մարդ արարածը իր ունեցածէն հանելով` կու տայ իր եղբօրը, չկայ աւելի սրբազան գոհունակութիւն, երբ այդ օգնութիւնը կը հասնի նախքան խնդրուիլը:

«Հայ օգնութեան միութիւնը հիմնուած է 1910 թուականին, դար ու տասնամեակէ մը աւելի իր գործունէութեան առանցքը դարձուցած է եւ կը շարունակէ դարձնել հասնիլ ժողովուրդին բոլոր խաւերուն անխտիր:

«Իր առաքելութեան շնորհիւ ան կերտած է սերունդներ, հիմնած է կեդրոններ, օժանդակած է տասնեակ կազմակերպութիւններու` սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախ հայրենիքի մէջ: Իբրեւ արդիւնք իր այս նուիրական գործունէութեան` մեր ազգը շարունակած է գոյատեւել, օտարութեան հոսանքներուն դէմ թիավարել եւ անմահութեան էջերուն նուիրել հսկաներ, որոնց շունչին տակ մինչեւ օրս կը կերտուին ու կը դաստիարակուին սերունդներ»:

Իր խօսքը եզրափակելով` Գրիգոր Էքմէքճեան հաստատեց, որ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան այս այցելութիւնը ոչ միայն ուրախութիւն կը պատճառէ, այլ նաեւ կը գօտեպնդէ եւ դրական ու բացառիկ ներուժ տալով` կ՛ամրապնդէ հաւատքը հանդէպ մեր ազգի փայլուն ապագային: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ ՀՕՄ-ը, գիտակցելով հայ վարժարանի անզուգական առաքելութեան, միշտ նեցուկ կը կանգնի անոր, որովհետեւ հայ դպրոցի շրջանաւարտներն ու ՀՕՄ-ի սաներն են, որ պիտի ըլլան ապագայի ղեկավարներն ու գործիչները:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք Թ., Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտուհիներ  ներկայացուցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Այս քոյրերը»` ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը ներկայացնող սահիկներու ցուցադրութեամբ:

Խմբային ասմունքէն ետք բեմ բարձրացան ԱՄՎ-ի հինգ տարուան հունձքերու հինգ շրջանաւարտ ներկայացուցիչները` ընկերակցութեամբ այս տարեշրջանի աւարտական դասարանէն Լոռի Կէրկէրեանին, որոնք  կարդացին Մուշեղ Իշխանի վկայութիւնը ՀՕՄ-ի մասին: Մթնոլորտը խանդավառեցին Ա. դասարանի եւ Ծաղիկ ու Կոկոն դասարաններու աշակերտները, որոնք խանդով ու եռանդով  բեմ բարձրացան եւ երգեցին «Հայե՛ր, միացէք»-ը:

Աշակերտներուն յայտագիրէն ետք վարժարանի վարչական տնօրէն եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նելլի Վէքիլեան մեծ ուրախութեամբ յայտնեց, որ ՀՕՄ-ը պիտի հովանաւորէ վարժարանի գրադարանը` նուիրելով 50 հազար ամերիկեան տոլար, եւ որ` այսուհետեւ գրադարանը պիտի մկրտուի միութեան անունով ու պիտի կոչուի ՀՕՄ-ի գրադարան:

Այս սրտառուչ յայտարարութենէն ետք բեմ բարձրացաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեանը, որ աշակերտութեան ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ. «Դուք հնչեցիք ձեր բառերը` Մուշեղ Իշխանի յուշերուն ճամբով: ՀՕՄ-ի համար երբեք նորութիւն չէ սան պահելը եւ կամ օգտակար դառնալ հայկական վարժարանին, ՀՕՄ-ը միշտ կը հաւատայ ուսման եւ հայեցի դաստիարակութեան: Դուք ամէն օր հայկական վարժարան կու գաք` հայեցի դաստիարակութիւն, ուսում ստանալու, ձեր ընկերներու հետ խաղալու եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ հասակ նետելու: Յիշեցէք այս օրերը, որովհետեւ ձեր ամէնէն հաճելի, սիրելի եւ անմեղ օրերը պիտի ըլլան»:

Ն. Տէրտէրեան դիտել տուաւ, որ սերունդները միշտ գիտակցած են եւ պիտի գիտակցին հայկական վարժարանի կարեւորութեան եւ զայն պահպանելու հրամայականին, ուստի անոր յարգը գիտնալով` իւրաքանչիւրը իր կարելին պէտք է ընէ, որպէսզի հայկական վարժարանները բազմապատկուին, եւ հայ աշակերտները սիրեն հայերէնը, խօսին հայերէն, երգեն հայերէն եւ մանաւանդ մտածեն հայերէն:

Այս առիթով իր հայրական պատգամը յղեց Շահէ արք. Փանոսեան, որ շեշտեց, թէ հայ դպրոցի յարկին տակ սովորաբար կը մոռնանք կեանքի դժուարութիւնները եւ մեր դիմագրաւած խնդիրները, որովհետեւ այստեղ` հայ դպրոցին մէջ, կ՛անդրադառնանք, որ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց մեր ժողովուրդը իր ճիգով վաղուան իր կեանքին համար արդիւնք կ՛ապահովէ. «Ուրախ ենք, որ այդ արդիւնքը ապահովելու ճիգին մէջ նաեւ ներկայ է ՀՕՄ-ը: Մինչեւ այսօր ՀՕՄ-ի անունը մեր նուիրատուներու ցանկին մէջ չէր, բայց կը հաւատայի, որ անպայմանօրէն անոր անունը պիտի միանար արժանաւոր մեր բարերարներու եւ բարեկամներու ցանկին, որովհետեւ ՀՕՄ-ի սրբազան առաքելութեան մաս կը կազմէ հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան նուիրական գործը»:

Ան անդրադարձաւ Ազգային Միացեալ վարժարանի ուսերուն դրուած պարտքին ու դերակատարութեան եւ ըսաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը քանի մը տարի առաջ յաջողեցաւ կանգնեցնել այս հսկայ համալիրը, որպէսզի Պուրճ Համուտի հայեցիութեան նկարագիրը պաշտպանուի: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ դժուարութիւններու մէջ կը գտնուինք, սակայն մեր աշխատանքը կը շարունակենք եւ կը հաւատանք, որ ի վերջոյ ճգնողը անպայմանօրէն կը վայելէ իր աշխատանքին արդիւնքը:

«Կասկած չունինք, որ իր վաստակով իր կարեւոր ներդրումը պիտի ունենայ Ազգային Միացեալ վարժարանը համայնական մեր կեանքին մէջ: Նոր ճամբայ ելած կառոյց է այս դպրոցը, կը խմբէ քանի մը թաղային վաստակաշատ վարժարաններ եւ այդ խմբաւորումով կը շարունակէ հայ դպրոցին երթը, որպէսզի մեր ճիգերով ու մեր հաւատքով յաջողինք նոր արդիւնք զետեղել մեր կեանքէն ներս` ի խնդիր վաղուան մեր գոյութեան», եզրափակեց ան:

Ապա ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, Շահէ արք. Փանոսեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ այլ պաշտօնական հիւրեր ուղղուեցան դէպի վարժարանին գրադարանը, որուն մուտքին զետեղուած էր Հայ օգնութեան միութեան անունը կրող ցուցատախտակը:

Գրադարանը նոր անունով մկրտելու աւանդական արարողութենէն ետք անոնք շրջագայեցան գրադարանին զանազան մասերը, ապա` վարժարանին տարբեր դասարաններն ու տարրալուծարանները:

Այս առիթով Ազգային Միացեալ վարժարանի մեծ ընտանիքը իր սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ՀՕՄ-ին` տրուած այցելութեան, անոր ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար, մանաւանդ որ հպարտութիւն է վարժարանին մէջ ունենալ գրադարան մը անունովը այն միութեան, որ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր սիրով ու անձնուիրութեամբ կը ծառայէ հայ ազգին, կը հասնի անոր կարիքներուն եւ կը զօրացնէ անոր ապագայի երթը:

Նախորդը

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը` Կրկին Բեմին Վրայ

Յաջորդը

Հնաբոյր Խօսքերու Դաշտահանդէս Կամ «Մեղաւոր Է Դաշնակցութիւն» (132-Ամեակ) Դ.

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?