Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

November 21, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ
Արեւելեան Ուղղափառ–Անկլիքան Եկեղեցիներու
Աստուածաբանական Երկխօսութեան

Արեւելեան ուղղափառ-անկլիքան եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբը իր տարեկան հաւաքը կայացուց 24-29 հոկտեմբեր 2022-ին, Անգլիոյ մէջ, վայելելով Ղպտի եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմի հիւրընկալութիւնը: Յանձնախումբը իր ժողովը գումարեց Էսսեքսի Պրէյնթրի աւանին մէջ գտնուող Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ «Բեթել» կեդրոնին մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, սոյն յանձնախումբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան, որ ներկայ էր այս ժողովին:

Հետեւելով երկխօսութեան օրակարգին` յանձնախումբը շարունակեց 2019 թուականին Եգիպտոսի մէջ սկիզբ առած «Տիեզերական ժողովներուն ժառանգութիւնը» նիւթով թղթածրարին աշխատանքները, նկատի ունենալով, որ 2020 եւ 2021 թուականներուն կարելի չէր եղած ժողով գումարել համաճարակին պատճառով: «Տիեզերական ժողովներուն ժառանգութիւնը» նիւթին վերաբերեալ բանաձեւը վերատեսութեան ենթարկուելէ եւ վերջնական ձեւ ստանալէ ետք որդեգրուեցաւ: Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ «Եկեղեցիներու ընտանիք» նիւթը, եւ մանրամասնօրէն ուսումնասիրուեցան յառաջիկայ տարուան աշխատանքները` հիմնական օրակարգի վրայ դնելով «Եպիսկոպոսներ եւ սինոտներ» նիւթին թղթածրարը:

27 հոկտեմբերին յանձնախումբը հիւրը եղաւ Սուրբ Ալպանի վանքի տեսուչին: Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Ս. Ալպանի եւ Ս. Սմփիպալոսի մասունքներուն առջեւ աղօթք: Շարունակելով ուխտագնացութիւնը` ժողովականները այցելեցին Ղպտի եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին եւ Սթիվնեճի Ս. Գէորգ մայրավանքը, ուր յանձնախումբին համաատենապետները ստորագրեցին «Տիեզերական ժողովներուն ժառանգութիւնը» բանաձեւը` յանուն ժողովականներուն:

Յայտնենք, որ յանձնախումբը բաղկացած է տարբեր երկիրներէ ու մշակոյթներէ եկած հոգեւորականներէ եւ կը ներկայացնէ համաշխարհային գետնի վրայ իրենց արտայայտութիւնն ու հասանելիութիւնը ունեցող դաւանանքներ: Որպէս արտայայտութիւն այս զանազանութեան հարստութեան` Գահիրէի մէջ գումարուած ժողովը հիւրընկալուած էր Անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ, իսկ Անգլիոյ մէջ` Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմին կողմէ: Այս համաշխարհային ծիրին մէջ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաճախ նոյնանման են: Ներշնչող եւ ոգեւորող էր բաժնեկցիլ ու լսել աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող մեր եկեղեցիներուն եւ հաւատացեալներուն մասին, յիշել զիրար մեր աղօթքներուն մէջ եւ իրարու նեցուկ կանգնիլ` իրականացնելու համար Աստուծոյ կամքը:

Քննարկումներու եւ աղօթքներու մէջ ամէնէն շատ յիշատակուեցաւ Միջին Արեւելքը: Յանձնախումբին անդամները իրենց փորձառութիւնը բաժնեկցեցան Լիբանանի, Սուրիոյ ու Իրաքի տագնապներուն եւ հակամարտութիւններուն լոյսին տակ: Յանձնախումբը յատկապէս ուշադրութիւն դարձուց վերջին հանդիպումէն մինչեւ օրս Կովկասի մէջ տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւններուն, ի մասնաւորի` Արցախի ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Ազրպէյճանի յարձակումներու լոյսին տակ:

Յանձնաժողովը իր յաջորդ ժողովը պիտի գումարէ հոկտեմբեր 2023-ին, Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան Անկլիքան եկեղեցւոյ Երուսաղէմի թեմին մէջ:

«Նարեկացի» Մանկապատանեկան Երգչախումբին
Վարչութիւնը Այցելեց Կաթողիկոսին

Չորեքշաբթի, 2 նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ խմբավար Զաւէն վրդ. Նաճարեանին:

Հայր սուրբը վեհափառ հայրապետին զեկուցեց մանկապատանեկան երգչախումբին անցնող տարուան գործունէութեան մասին եւ պարզեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները: Ան յայտնեց, որ երգչախումբը պիտի սորվի հայրենասիրական ու ազգագրական երգեր, որպէսզի Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին առիթով մանուկներն ու պատանիները հանրութեան ներկայանան ելոյթով մը:

Լսելէ ետք հայր սուրբին ու վարչութեան անդամներուն ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին, կաթողիկոսը գնահատեց բոլոր պատասխանատուները` ի տես եկեղեցասէր ու հայրենասէր գործունէութեան, որ կը միտի մեր ազգի նոր սերունդին կրօնական ու ազգային դաստիարակութեան: Այս առիթով հայրապետը նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երգչախումբի բոլոր կամաւոր պատասխանատուներուն, որոնք ամէն շաբաթ սիրայօժար կերպով, իրենց ընտանեկան պարտաւորութիւններուն առընթեր, կու գան մայրավանք եւ կը լծուին ազգաշէն ու եկեղեցաշէն առաքելութեան:

Աւարտին հայոց հայրապետը իր օրհնութիւնն ու հայրական սէրը փոխանցեց երգչախումբի վարչութեան ու մանուկներուն եւ նորանոր նուաճումներով լեցուն տարեշրջան մը մաղթեց անոնց:

ՀԵՀՈՄ-ի Նորընտիր Վարչութիւնը
Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Զաւէն վրդ. Նաճարեանի, այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը:

Հոգեւոր խորհրդատու հայր սուրբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց նախորդ վարչութեան տարած աշխատանքները եւ յայտնեց ՀԵՀՈՄ-ին վարչական, յարաբերական, դասախօսական եւ 60-ամեակին առնչուած նոր վարչութեան յառաջիկայ ծրագիրները: Ապա իւրաքանչիւր անդամ պարզեց իր պատասխանատուութեան առնչուած աշխատանքները:

Հայոց հայրապետը գնահատեց տարուող գործունէութիւնը` վերաշեշտելով երիտասարդութեան վիճակուած կարեւոր դերակատարութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին կեանքէն ներս:

 

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 89

Յաջորդը

Դաշնակցութեան 132-Ամեակի Հանդիսութեան Պատանիներու Խոստման Կնքահայր Արմէն Թաշճեանին Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.