Զաւեշտական Ներկայացում Մը` «Խօսքը Մէջերնիս»
Անցնող շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը հանրութեան ներկայացուց «Խօսքը մէջերնիս» զաւեշտախառն կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ` թատրերգութեան հեղինակ Վաչէ Ատրունիի: Վաչէ Ատրունի, ինչպէս ինք բացայայտեց, այս թատերախաղը գրած է 1995 թուականին, անիկա կը մարմնաւորէր այդ օրուան կեանքին պատկերը` երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք երկրին մէջ բարոյական անկումի դաշտ մը բացուած էր: Այդ օրերուն թատերախաղը բեմ բարձրացուցած...


















