Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Լուսանկարներու Ցուցահանդէս Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար Մայրավանքին Մէջ

Ապրիլ 28, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ven-(3)_42416

«Ժողովուրդի մը տառապանքէն անդին – Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան ուղիներով» լուսանկարներու ցուցահանդէս

24 ապրիլ 2016-ին Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակի յիշատակում:

Հայ եւ օտարազգի հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ` հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհ. Աբբահայր Եղիա ծ. վրդ. Քիլաղպեանի կողմէ:

Աբբահայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը այս նուիրական թուականին, մանաւանդ` յիշատակումը մեր բիւրաւոր մարտիրոսներուն, որոնք իրենց արիւնով մեզի կտակեցին քրիստոնէական հաւատքն ու մեր ազգային արժէքները, ինչպէս նաեւ` հայրենի հողերուն կառչած մնալու սրբազան աւանդը:

Այս առիթով, պատարագի աւարտին, գորգագործ Մեգերեան ընտանիքին կողմէ Մխիթարեան միաբանութեան նուէր յանձնուեցաւ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած հայկական ձեռագործ նրբահիւս գորգ մը` ի յիշատակ իրենց ծնողներուն:

Արարողութեան ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան Հռոմի Ս. Աթոռի մօտ դեսպան, Միքայէլ Մինասեանը, որ իտալերէնով խօսք առնելով` յիշեցուց կարեւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին` Հռոմի քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ, որուն ընթացքին Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց որպէս Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Դեսպանը նշեց, թէ ապրիլ 24-ը կամ ընդհանրապէս 1915-ը մեզի համար լոկ թուական մը չէ միայն, այլ` մեր կեանքին, մեր մշակոյթին ու մեր գոյապայքարին հետ սերտ առնչութիւն ունեցող իրականութիւն մը, քանի մենք ցեղասպանուած ամբողջ ժողովուրդի մը ժառանգորդներն ենք: Ան շեշտեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս հայոց Մեծ եղեռնը առնչուած է այսօրուան աղէտալի դէպքերուն, որոնց ականատեսն ենք Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս քրիստոնեաներուն կրած հալածանքներն ու բազմաչարչար տառապանքները. այսօր քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը վտանգուած է այնտեղ, եւ Հայաստանը գրեթէ միակ քրիստոնեայ երկիրը կը մնայ այդ տարածաշրջանին մէջ:

ven-(1)_42416

Այս նուիրական առիթով մայրավանքի մէջ բացումը տեղի ունեցաւ «Ժողովուրդի մը տառապանքէն անդին – Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան ուղիներով» Լուսանկարներու ցուցահանդէսին: Վահան ծ. վրդ. Օհանեան` գլխաւոր հեղինակն ու կազմակերպողը, համառօտ ներկայացուց երկար ամիսներու աշխատանքի արդիւնքը, ցուցահանդէսին իմաստը եւ փոխանցուող պատգամը:

Ցուցահանդէսին գլխաւոր նպատակն է մօտէն ծանօթացնել իտալացի հասարակութեան Հայոց ցեղասպանութիւնը` պատմական, մշակութային տարբեր երանգներով: Մօտաւորապէս հարիւրի չափ պաստառներ, ժամանակագրական հերթականութեամբ, կը ներկայացնեն` հայ ժողովուրդի առօրեան Օսմանեան կայսրութեան մէջ, համիտեան ջարդերը, սահմանադրութեան հռչակումը, Ատանայի կոտորածը, ջարդի հեղինակները, գլխաւոր հայ մտաւորականներու եւ անոնց ընտանիքներու լուսանկարներ, Մխիթարեան նահատակ հայրեր, զանգուածային տեղահանութեան ահաւոր տեսարաններ, սպանդի ահարկու պատկերներ, օտար հեղինակաւոր դեսպաններու, մտաւորականներու եւ ականատեսներու վկայութիւններ, տարբեր որբանոցներու եւ որբերու խմբանկարներ, որբահաւաքի դերակատարներ, հարեմի զոհ կիներ, կործանած եկեղեցիներ, վանական համալիրներ  ու առյաւէտ կորած պատմամշակութային գանձեր, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կանգնած Ցեղասպանութեան յուշարձաններ, հայ որբերու ի նպաստ անգլիատառ դրամահաւաքի կոչեր, Ցեղասպանութիւնը հայ արուեստագէտներու աչքերով եւ իւղանկարներ ու քանդակներ:

ven-(2)_42416

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը Խանգարեց Հայտար Ալիեւի Գիրքի Ներկայացման Ձեռնարկը

Յաջորդը

Ուշադիր Նայէք Այս Կնոջ Դէմքին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?