Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կատարողութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն եւ միաւորներուն երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին եւ Արցախի նահատակ հերոսներուն նուիրուած գեղարուեստական երեկոյ` «Անմահութեան ղօղանջներ» խորագիրով:
Գեղարուեստական երեկոն, որուն համադրումը եւ գեղարուեստական ղեկավարութիւնը իրականացուցած էր Ռոպերթ Առաքելեան, սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով:
Հերթաբար ելոյթ ունեցան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները: «Կարկաչ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` խմբավար Զաքար Քէշիշեանի, մեկնաբանեց «Իմ Հայաստան» եւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» երգերը:
«Արեգ» թատերախումբէն անդամներ պարբերաբար հանդէս եկան հետեւեալ մենաթատրոններով` Ռոպերթ Առաքելեանի բեմականացումով, Լիլիթ Յովհաննիսեան ներկայացուց «Տէլէ Եաման»-ը, Սելին Կոգեան` Գէորգ Էմինի «Զարմանալի հայ»-ը, Շահէն Արապօղլեան` «Մեր հարեւաններուն»-ը, Դրօ Միրզայեան` «Աստուածային պարգեւներ»-ը, իսկ Բալիկ Հապոյեան` «Դու այն բանակն ես»-ը:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն Աւօ Տագէսեան ջութակի վրայ նուագեց «Նոքթիւրն»-ը, Պետիկ Ալեքսանեան դաշնակի վրայ հանդէս եկաւ ստեղծաբանութեամբ, սրինգի վրայ նուագաշար մը ներկայացուց Հայկ Քէշիշեանը:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նուագախումբը հանդէս եկաւ հայկական նուագաշարով` ղեկավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի, «Երազներ» նուագով` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Տհոլահարները նուագեցին «Ձայն լեռնական» շարքը` ղեկավարութեամբ Գէորգ Քէօշկերեան:
Յայտագիրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Գայեանէ» պարի դպրոցը 2 պարով` «Եղեռն» եւ «Տաւիղ», գեղարուեստական ղեկավար` Կարէն Մակինեան, իսկ «Քնար» պարախումբը ներկայացուց «Վերածնունդ» պարը, գեղարուեստական ղեկավար` Գարիկ Խաչիկեան:
Նշենք, որ բեմի պաստառին հեղինակն էր «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական ղեկավար Վազգէն Մուղալեան:
Այս նախաձեռնութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները խնամուած ու կոկիկ, համադրուած եւ այլազանութեամբ յատկանշուող գեղարուեստական երեկոյով մը յարգեցին յիշատակը մեր նահատակներուն եւ հաստատեցին, որ տարբեր սերունդներ տէրն են իրենց դատին:
Իւրայատուկ էր նաեւ ընտրուած թեման, որուն տակ համախմբուեցան ներկայացուած բոլոր ելոյթները, ուշագրաւ էին անոր աժմէականութիւնն ու պարունակած խորհուրդը: