Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Առիթով` Յունահայութիւնըվերանորոգեց Պահանջատիրական Պայքարը Շարունակելու Իր Վճռականութիւնը Բողոքի Բազմամարդ Ցոյցեր` Աթէնքի Մէջ
Շաբաթ, ապրիլ 23-ին եւ կիրակի, 24 ապրիլին, Յունաստանի ողջ տարածքին, պահանջատէր հայութիւնը վերանորոգեց Հայ դատի պայքարը վճռականօրէն յառաջ մղելու իր ազգային ուխտը: Մեծ Եղեռնի մեր սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման եւ աղօթքի արարողութիւններով, ինչպէս նաեւ Աթէնքի թրքական դեսպանատան եւ Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ բողոքի բազմամարդ ցոյցերով` յունահայութիւնը հելլէն հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրեց թրքական պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին վրայ`...




















