Ապրիլ 24-ին Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա համախմբուեցան աւելի քան 4000 հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին, իրենց պետական դրօշները պարզած միացան ասորական, քրտական, ռուանտական եւ պոնտական պատուիրակութիւններու անդամները, որոնք Օթթաուա ժամանած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայութեան: Հաւաքն ու քայլարշաւը կազմակերպուած էին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ:
Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Քանատայի խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ քանատահայերը կը կատարեն Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման տարեկան աւանդական արարողութիւնը: Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով: Հաւաքին ներկայ էին Ռուսիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի դեսպանատուներու ներկայացուցիչները:
Օրուան հանդիսավար Արարատ Թորոսեան իր բացման խօսքով յայտնեց, թէ Թուրքիա այսօր եւս ժխտողական իր քաղաքականութեամբ կը շարունակէ եւ կը կրկնէ Ցեղասպանութեան գործընթացը: Ան իր խօսքին մէջ դատապարտեց նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան հանդէպ Ազրպէյճանի գործադրած բարբարոսութիւնները:
Խօսք առաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի իշխանութիւններուն, որոնք հայութեան իրաւունքներուն եւ համաշխարհային առումով մարդկային իրաւանց պաշտպան կը հանդիսանան:
Իշխող Ազատական կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Ֆայսալ Խուրի, որ յատնեց, թէ Քանատայի Ազատական կուսակցութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնած է հայութեան արդար դատին:
Նոր դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ հայ ժո՛ղովուրդին զօրակցութեան խօսք արտասանեց խորհրդարանի անդամ Նիքի Աշթըն, իսկ ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման զօրակցութեան կոչը ընթերցեց օրուան հանդիսավար Արարատ Թորոսեան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ռուանտական ցեղասպանութենէն վերապրող Օսքար Կասանա, որ հաստատեց, թէ անցեալի ցեղասպանութեանց ուրացումները կ՛առաջնորդեն նոր ցեղասպանութիւններու:
Խորհրդարանին դիմաց հաւաքի աւարտէն ետք 4000 հայորդիները ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 300 թուրք ցուցարարները, հակահայ պաստառներով կանգնած էին:
Ոստիկաններու ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպութեամբ կայացաւ յայտագիր, որուն ընթացքին հայ երիտասարդները հաստատեցին պահանջատիրական երթը շարունակելու նոր սերունդի վճռակամութիւնը:
Նշենք, որ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան անդամները, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք առաջնորդ սրբազան Աբգար եպս. Յովակիմեանի, Քանատայի Հայոց թեմի հայրապետական ներկայացուցիչ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի եւ դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի 100-ամեակը: