Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաւեշտական Ներկայացում Մը` «Խօսքը Մէջերնիս»

Մայիս 11, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Picture-001_51116

Անցնող շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը հանրութեան ներկայացուց «Խօսքը մէջերնիս» զաւեշտախառն կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ` թատրերգութեան հեղինակ Վաչէ Ատրունիի:

Picture-003_51116Վաչէ Ատրունի, ինչպէս ինք բացայայտեց, այս թատերախաղը գրած է 1995 թուականին, անիկա կը մարմնաւորէր այդ օրուան կեանքին պատկերը` երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք երկրին մէջ բարոյական անկումի դաշտ մը բացուած էր: Այդ օրերուն թատերախաղը բեմ բարձրացուցած է Հայաստանէն հրաւիրուած զոյգ դերասաններու եւ գաղութին մէջ ճանչցուած լուրջ դերակատարներու ուժերով, սակայն ներկայացումը պէտք եղած յաջողութիւնը չէ ունեցած: Ներկայացուած է նաեւ Այնճարի, Հալէպի, Քեսապի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Տարիներ ետք ուզած է անգամ մը եւս զայն ներկայացնել հանրութեան, այս անգամ «Երուանդ Օտեան» թատերախումբի կատարողութեամբ:

Նիւթը կենցաղին մասին է անբարոյ ընտանիքի մը, որ տան աղջիկը կը միտին կնութեան տալ Ամերիկայէն եկած հարուստ անձի մը, որովհետեւ վերջինը ժամանակին իր տան կալուածագիրի լիազօրագիրը յանձնած էր այդ ընտանիքին հօրը, որ կեղծած է զայն` քաջ գիտնալով, որ ան Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի: Սակայն այդ անձին վերադարձի լուրը առնելով, իրարանցում կը տիրէ տան մէջ, եւ կը սկսին դաւադրել, որ իրենց աղջիկը կնութեան տան անոր: Դէպքերը արագ կ՛ընթանան, եւ հարուստ անձէն առաջ կը ժամանէ տանտիկնոջ պահանջած  սպասարկողը, որուն կը շփոթեն հարուստ անձին հետ, եւ ահա ծնունդ կ՛առնէ թիւրիմացութիւններու վրայ հիմնուած կենցաղային կատակերգութիւնը: Օգտագործուած բառապաշարը փոխ առնուած է առօրեայ կեանքին մէջ տեղի ունեցած զրոյցներէ, իսկ դիպաշարներուն ամբողջութիւնը` մեր կեանքի առօրեայէն:

Արդարեւ մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեամբ Վարդան Մկրտիչեան (Պօղոս), Տիրան Սարգիսեան (Ղուկաս), Պէթի Սարգիսեան (Փառանձեմ), Զոհրապ Նալպանտեան (Թորգոմ), Կարօ Պասմաճեան (Համբար), Մակի Վասիլեան (Մարիցա), Կարօ Գինոյեան (Օննիկ), Հրակ Մկրտիչեան (Ծաղրածու), Լուսինէ Տագէսեան-Չէօլմէքեան (Նինա), Կէպի Մլքի (Սեդրակ), Սթեֆանի Ղուկասեան (Նազիկ), Յակոբ Չէօլմէքեան (Սարգիս) բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիի հսկողութեան ներքեւ երեք ամսուան փորձերէ ետք յաջողութեամբ մարմնաւորեցին, իրենց վստահուած դերերը` հանդիսատեսներուն համար ստեղծելով հաճելի եւ ուրախ պահեր:

Յայտնենք, որ ներկայացումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին եւս, ուրբաթ` 14, շաբաթ` 15 եւ կիրակի` 16 մայիսին երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Նախորդը

Պահրէյնի Մէջ. «Աստուածաշունչը Տարբեր Մշակոյթներու Միջեւ Համակեցութիւն Քաջալերող Գիրքն Է» Ցուցահանդէսը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հանդիպումը` Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?