Կիրակի, ապրիլ 24-ին, աւելի քան 60.000 ցուցարարներ հաւաքուեցան Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ, ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը եւ դատապարտելու Անգարայի կողմէ շարունակուող ուրացման քաղաքականութիւնը:
Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը եւս հաստատած է Արդարութեան հանրահաւաքի ցոյցը կազմակերպած Միացեալ մարմինին հաղորդած ցոյցի մասնակիցներուն վերոնշեալ թիւը, որուն մէջ գերակշռող եղած է երիտասարդութիւնը:
Ցուցարարներուն առջեւ ելոյթներ ունեցան տեղական, նահանգային ու դաշնակցային քանի մը տասնեակ պաշտօնատարներ, որոնք եկած էին զօրակցելու հայութեան այս պահանջատիրական հաւաքին: Անոնց շարքին էին քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Լորեթա Սանչեզ, Թոնի Քարտենազ, նահանգային խորհրդարանի անդամներ Սքաթ Ուիլք եւ Ատրին Նազարեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փոլ Գրիգորեան եւ Փոլ Քորեթս:
Համայնքի կրօնական պետերուն կողմէ աղօթքով կատարուած պաշտօնական բացումէն ետք, շրջանի հայկական վարժարաններու աշակերտները երգեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա ելոյթներ ունեցան համայնքային ներկայացուցիչներ Թամար Փոլատեան, Գրիգոր Մոլոյեան եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, իսկ երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց Ճոզէֆ Քասքանեան:
Հանդիսավարն էր Հուրի Մինոյեան. հաւաքին ընթացքին գեղարուեստական ելոյթներ ունեցան Դրօ Գրիգորեան, Արա Տապանճեան, Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեաններ, «Առ. Մին», Արմէնչիկ եւ Յարութ Փամպուքճեան:
Ցուցարարները նաեւ լուսարձակի տակ առին այն իրողութիւնը, որ հայութիւնը միասնաբար կը զօրակցի Արցախի ժողովուրդին, որ քանի մը շաբաթ առաջ դիմագրաւած էր ազրպէյճանական ուժերու վայրագ յարձակումը` հակառակ 1994-ի զինադադարի համաձայնութեան:
Հայ ցուցարարներուն կողքին էին նաեւ յունական, ասորական, եզիտիներու, հրէական, քրտական, հարաւային ասիական եւ սիխերու, ինչպէս նաեւ` աշխատաւորական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններու ներկացուցիչներ: