ՀՅ Դաշնակցութեան 126-Ամեակը Կիպրոսի Մէջ
ՀՅ Դաշնակցութեան 126-ամեակը Կիպրոսի մէջ փառաշուք կերպով նշուեցաւ շաբաթ, 26 նոյեմբերին, Նիկոսիոյ «Նարեկ» ազգային վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Այս առթիւ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէն Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրած էր Արցախի ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, պատմութեան եւ ռազմագիտութեան դասախօս, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին կողմէ «Արիութիւն» մետալով պարգեւատրուած եւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմի մասնակից Արթուր Եղիազարեանը, որ ներկաներուն տուաւ օրուան պատգամը: Յայտագիրի սկիզբը, ներկաներու մասնակցութեամբ, հնչեց ՀՅԴ քայլերգը:...



















