Իւրաքանչիւր տարեվերջի աւանդութիւն դարձած է հրապարակային նշում կատարել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեդարձին առիթով` տարբեր գաղութներու, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:
Բնականաբար յարաբերաբար նոր գաղութները եւս անմասն չեն մնար այս աւանդութենէն: Վկա՛յ Հոլանտայի հայ գաղութը, որ սրընթաց կերպով կ՛աճի, կը բազմանայ ու ինքնաբերաբար ուժեղ պահանջ կը զգայ կազմակերպուելու եւ արդէն իսկ հետզհետէ կը կազմակերպուի լրջօրէն, ոչ միայն ներազգային, այլեւ քաղաքական առումով: Ամսթերտամ, Ռոթերտամ, Լահէյ, Ալքմաար, Ութրեխթ, Առնհէյմ քաղաքներուն մէջ եթէ հայեր կան նկատառելի ու հետզհետէ բազմապատկուող քանակով, ապա Ալմելոյի մէջ կայ համախումբ ու կազմակերպուած գաղութ, ուր աշխուժօրէն կը գործեն` հայ եկեղեցին, Հայ դատը, ՀՄԸՄ-ը եւ ՀՅԴ Արամ Մանուկեան կոմիտէութիւնն ու ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ Երիտասարդական Միութիւնը:
Շաբաթ, 10 դեկտեմբերի երեկոյեան, Ալմելոյի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ հոլանտահայ գաղութը հանդիսաւորապէս նշեց ՀՅԴ 126-ամեակը` ժողովրդային սքանչելի ներկայութեամբ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Հանդիսութիւնը յատուկ ու բարձր ոճով վարեցին Շաքէ Արամեանը եւ Լիպարիտ Սիմոնեանը:
ՀՅԴ Արամ Մանուկեան կոմիտէի խօսքը արտասանեց ներկայացուցիչ Մինաս Արսէնեան, որ շեշտը դրաւ Հոլանտայի մէջ Հայ դատի աշխատանքները եւ գաղութային կեանքը յաւելեալ կազմակերպելու հրամայականին վրայ, հաստատելով, որ ՀՅԴ, ինչպէս միշտ, այսօր եւս կը գտնուի այս իմաստով առաջին գիծի վրայ եւ պատրաստ է ստանձնելու առաջնորդողի իր պարտականութիւնը` համախմբելով անխտիր բոլո՛րը:
Գեղարուեստական բաժինով բացառիկ ելոյթ ունեցան Զաւէն Զաքարեան եւ Նայիրի Մովսէսեան: Առաջինը առնական ու կուռ կատարողութեամբ մեկնաբանեց Սիամանթոյէն ծաղկաքաղ մը, իսկ երկրորդը քնքուշ կատարողութեամբ ապրեցուց Պարոյր Սեւակը` ծաղկաքաղի մը ընդմէջէն:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի պատգամը տուաւ Հրաչ Վարժապետեան` շեշտադրելով Եւրոպայի տարածքին թրքական յարձակողապաշտ ու հակահայ քաղաքականութեան ըստ արժանւոյն ու համապատասխան քայլերով հակազդելու լրջութեան վրայ` քաղաքական, դիւանագիտական թէ հասարակական մակարդակներու վրայ հաւասարապէս, ընդգծելով այս առումով միասնական ու համադրուած աշխատանքային բաժանման կարեւորութիւնը` հայրենի դիւանագիտական մեքենային եւ Հայ դատի միաւորներուն միջեւ, վերահաստատելով ՀՅԴ-ի անվերապահ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը:
ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ Երիտասարդական Միութեան խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Փոլոյեան: Ան խոստացաւ գաղափարական հենքով ու կազմաւորումով շարունակել ծառայել հայ ժողովուրդին, մինչեւ մեր բոլոր նպատակներուն յաջողութեամբ պսակումը, ինչպէս նաեւ միութեան ամբողջ ներուժը դնել ի սպաս գաղութի կարիքներուն:
Օրուան բանախօս, Պէյրութէն յատուկ հրաւիրուած` «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան Դաշնակցութեան գաղափարական եւ քաղաքական աշխարհահայեացքով վերլուծեց ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, Հայաստանի ու հայութեան հիմնահարցերը, կատարելով յստակ մատնանշումներ եւ առաջադրանքներ` արդիական ներկայ մթնոլորտին հետ քայլ պահելու հիմնական ուղղուածութեամբ, առանց որուն` կարելի չէ յաղթական կէտեր արձանագրել որեւէ մարզի մէջ, որեւէ մակարդակի վրայ:
Դիպուկ էր Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեանի խօսքը (արտասանուած` հիւպատոս Անդրանիկ Գրիգորեանի կողմէ)` ուղղուած հանդիսութեան: Դաշնակցութեան անցեալը, ներկան ու ապագան ամենայն առարկայականութեամբ մեկնաբանող Հայաստանի ներկայացուցիչին ուղերձը լաւագոյնս կ՛արժեւորէր Դաշնակցութեան դերն ու տեղը հայ ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ:
Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ հայր Արէն Շահինեան, որ յայտնելէ ետք Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի յատուկ ողջոյններն ու շնորհաւորութիւնները սոյն հանդիսութեան առիթով, գօտեպնդիչ ու ոգեւորիչ ամփոփումով վեր առաւ Դաշնակցութեան գծած ուղին` ամբողջ 126 տարի, մաղթելով նորանոր իրագործումներ` յանուն ազգի ու հայրենիքի:
Հուսկ, տպաւորիչ երեկոն աւարտեցաւ յեղափոխական երգերու ելոյթով, կատարողութեամբ Յակոբ Եաղլըճեանի, որուն ամբողջ սրահը եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը յոտնկայս ընկերակցեցան, թնդացնելով սրահը եւ մթնոլորտը հասցնելով գագաթնակէտին:
ԹՂԹԱԿԻՑ