Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-Ամեակը Նշուեցաւ Մոնրէալի Մէջ

Դեկտեմբեր 17, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

arf-canada_121716

Կիրակի, 11 դեկտեմբերի երեկոյեան, Մոնրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 126-ամեակի տօնակատարութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ Հայաստանի ու ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութիւն:

Օրուան հանդիսավար Գաբօ Սոմունճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր հանգուցեալ ընկերներուն եւ նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին յանուն հայ ժողովուրդին:

ՀՅԴ «Մ. Փափազեան», «Ս. Զէյթլեան» կոմիտէներու եւ «Ա. Գարօ» ուսանողական միութեան կողմէ հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Գաբօ Սոմունճեան: Ողջունելէ ետք ներկաները, ան ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան հակիրճ պատմականը:

Բացման խօսքին յաջորդեց ասմունք` Ժաք Յակոբեանի «Յաղթերգութիւնը»` Սոնա Թիթիզեանի կողմէ: Ապա տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութիւններէն ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան շարքեր անցման արարողութիւն: 42 պատանիներ կատարեցին իրենց խոստումը` ծառայելու եւ նուիրուելու հայ ժողովուրդին` ՀՅԴ ՔԵՄ-ի շարքերուն անդամակցելով:

ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Լ. Շանթ» եւ «Բ. Աշոտ» մասնաճիւղերուն անունով խօսք առաւ Ժան-Յակոբ Չուխաճեան, որ ողջունեց ՔԵՄ-ի շարքերը անցնող ընկերները` շեշտելով, որ այս քայլը վճռական դարձակէտ մը պիտի ըլլայ իրենց կեանքին մէջ, ուր պիտի անցընեն իրենց դաշնակցական կեանքի յաջորդ փուլը` շարունակելով իրենց աշխատանքները ՀՅ Դաշնակցութեան հովանիին տակ:

Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները, նշեց, որ ՀՅԴ ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն օրհասական եւ դժուար օրերուն: ՀՅԴ կիսեց իր ժողովուրդի գողգոթան եւ առաջնորդեց իր ժողովուրդը` մերժելու յուսահատութիւնը, մահը եւ նայելու ճակատագիրի աչքերուն մէջ եւ փոխելու զայն:

Ր. Տօնապետեան հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօր եւ վաղը պիտի շարունակէ Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ իր անսակարկ ծառայութիւնը: Ան նաեւ շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ կարեւոր նկատած է հայութեան հզօրութեան բոլոր կռուանները, մանաւանդ` հայկական զինուած ուժերը եւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Այս ծիրէն ներս ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն իսկ կնքած են համաձայնագիր, եւ ՀՅԴ իր կամաւորներու ցանկը դրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ` անգամ մը եւս վերահաստատելու համայն հայ ժողովուրդին ծառայելու իր տեսլականը:

Ր. Տօնապետեան նաեւ անդրադարձաւ Քանատայի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ յատկապէս Քանատայի տարածքին հայկական գաղութներու կազմաւորման մէջ ունեցած անոր  դերակատարութեան: Ր. Տօնապետեան ներկայացուց միութեան կողքին գործող հայկական եկեղեցին, միութիւնները, Հայ դատի աշխատանքները եւ կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»-ը:

Օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը` արտասանելու իր սրտի խօսքը: Սրբազանը շեշտեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բնական ծնունդն էր հայ ժողովուրդի անբնական կեանքի պայմաններուն: Ան ըսաւ, որ ծառայութիւնը աստուածային պարգեւ է մարդուն, ինչպէս` ազատութիւնը: Սակայն կարեւորը այն է, թէ մարդ ինչպէ՛ս կ՛ապրի այդ ազատութիւնը եւ կը պայքարի պահելու իր ազատութիւնը. նաեւ կարեւոր է, թէ մարդ ինչպէ՛ս կը դրսեւորէ եւ կ՛արժեւորէ ծառայութիւնը իր անհատական, ընտանեկան, հաւաքական, ընկերային եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: ՀՅ Դաշնակցութեան 126-ամեակը առիթ մըն է մտածելու այս կուսակցութեան 126 տարուան գործունէութեան, գաղափարախօսութեան եւ պայքարին մասին:

Իր խօսքը աւարտելով` Բաբգէն արք. Չարեան շնորհաւորեց ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Քանատայի ՀՅԴ ընտանիքը յատկապէս եւ մաղթեց շարունակել ժողովուրդի ծառայութեան իր յանձնառութեան նուիրական առաքելութիւնը` ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման:

Ձեռնարկի աւարտին ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան հիւր երգիչներ Սագօ Թաշճեան եւ Գօգօ Թիւթիւնճեան:

 

Նախորդը

Դիրքերում Պատրաստւում Են Տօներին` Չմոռանալով Թշնամու Մասին

Յաջորդը

ՀՅԴ 126-Ամեակի Արժանավայել Նշում Հոլանտայի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?