ՊԵԹԻ ՔԻԼԵՐՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, չորեքշաբթի, 30 նոյեմբեր 2016-ին, ԱՄԺ Տան «Նոր Սպիտակ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Լալա Միսկարեան-Մինասեանի «Սուրիական օրագրութիւն» հատորին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հոգեւոր հայրերու եւ գրասէր բազմութեան:
Օրուան հանդիսավարն էր «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պօղիկեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի ցաւէն, տառապանքէն ծնունդ առաւ օրագրութիւն մը, որ ներկայացուց պատերազմի արհաւիրքը: Օրագրութեան շնորհիւ` հայ ընթերցողը մամուլի էջերուն մէջ օրը օրին հետեւեցաւ սուրիահայութեան արհաւիրքներու բոլոր մանրամասնութիւններուն:
Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նուագ կիթառով` Կարօ Ալեքսանեան` «Արի, ի՛մ սոխակ», ասմունք` Ղազար Ղազարեան «Տոկա՛ Սուրիա» (հեղինակ` Լալա Մինասեան), երգ` Խաչիկ Աշճեան` «Սիրելի ուսուցիչ»:
Հանդիսավարը հեղինակին կենսագրական տուեալները կարդալէ ետք հրաւիրեց գրող, Հայագիտական հիմնարկի դասախօս դոկտ. Հուրի Ազէզեանը` ներկայացնելու գիրքին բովանդակութիւնը: Ազէզեան հանգամանալից կերպով ներկայացուց հատորին գեղարուեստական եւ վաւերագրական արժէքը` լուսարձակի տակ առնելով հեղինակին իւրայատուկ ոճն ու երեւոյթները համընդհանուր պատկերով ներկայացնելու հմտութիւնը (ներկայացումը ամբողջութեամբ տեսնել «Գանձասար»-ի ներկայ համարի 8-րդ եւ 9-րդ էջերուն վրայ):
Այնուհետեւ տոքթ. Ղազար Պօղոս հեղինակին նուիրեց իր գրած «Լալա» քերթուածը:
Խօսք առաւ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, որ իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Լալա Մինասեանին եւ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հատորի լոյս ընծայումը զաւակի մը ծնունդին համազօր ուրախութիւն կը պարգեւէ գրողին: Ապա հեղինակին յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի պաշտպան» մրցանակի «Պատուոյ գիր»-ը:
Ապա Լալա Մինասեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք որեւէ ձեւով նպաստեցին այս գիրքի լոյս տեսնելուն: Շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան, հալէպահայ երեք համայնքապետներուն, գիրքին բովանդակութիւնը ներկայացնող դոկտ. Հուրի Ազէզեանին, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան, գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցներուն եւ բոլոր ներկաներուն: Ապա յայտնեց. «Այս գիրքը իր տկար ու արժանաւոր էջերով հոգեկան այն խոր տագնապին արդիւնքն է, երբ անմեղ մարդոց տառապանքները կասեցնելու, դժխեմ իրականութենէն բան մը փոխելու անզօր` դիմած եմ գրիչին, յաճախ` արցունքը աչքերուս մէջ: Այս պատերազմը, իր ահաւոր ու հրէշային իրողութեան հետ, մեզմէ շատերուն հոգեկան աշխարհը հարստացնող ազդակ մը եղաւ, երբ մահուան այս պարին մէջ, երբեմն գիտակցաբար, երբեմն աղէտներու բերած պարտադրանքին տակ, սկսանք առաւել յստակօրէն գնահատել յաւերժական արժէքները, թօթափեցինք նիւթին ճնշող տիրապետութիւնը»:
Շնորհահանդէսին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան: Ան գնահատեց Համազգայինի տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` դոկտ. Ազէզեանի ներկայացումը: Սրբազան հայրը այս գիրքը նկատեց ներկայ ժամանակներու պատուհանը, որ հայաշխարհին կը ներկայացնէ այսօրուան կացութեան հարազատ պատկերը, հայկական նկարագիրը, ինքնութիւնն ու գիտակցութիւնը: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ նեղութիւնները ժամանակաւորապէս կ՛ընկճեն մարդը, սակայն եթէ մարդը ամուր է, գօտեպնդուած է Երկնայինին հանդէպ բացարձակ վստահութեամբ եւ հաւատքով, լաւատեսութեամբ կը մօտենայ հարցերուն: Ան քաջալերեց ներկաները այս գիրքէն ուժ ստանալով` անպայման արձանագրելու սուրիահայութեան եւ յատկապէս Հալէպի պատմութեան իրենց յուշերը: Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտեց «Ապրի՛ Հալէպը, ապրի՛ սուրիահայութիւնը» մաղթանքով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը, որմէ ետք` պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակի հատում:
Ներկաները «Սուրիական օրագրութիւն» հրատարակութենէն հեղինակին մակագրութեամբ օրինակներ ստացան: