Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Պողոտայի Վրայ Ս. Ծննդեան Տօնավաճառը 6 Դեկտեմբերին Պիտի Բանայ Իր Դռները

December 6, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

donavajar1_120616

Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ Ս. Ծննդեան տօնավճառը իր դռները պիտի բանայ 6 դեկտեմբերին: Ս. Ծննդեան տօնավաճառը կը կազմակերպուի քաղաքապետարան-սեփական մարզ  համագործակցութեան ծիրին մէջ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Ս. Ծննդեան տօնավաճառի կազմակերպիչ Փիեռ Պաղտատեան նշեց, որ այցելողները այդտեղ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած բազմաթիւ իրեր կրնան գտնել: Մասնաւորապէս` յուշանուէրներ, տօնական զարդարանք եւ ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ քաղցրեղէնի լայն տեսականի` հրուշակեղէն, տուրմ, տարբեր պտուղներով պատրաստուած անուշահամ չիրեր եւ գինի: Այնտեղ պիտի վաճառուին նաեւ գիրքեր, բացիկներ եւ գրենական պիտոյքներ: Այս բոլորը այցելողներուն պիտի ներկայացուին Երեւանի Հիւսիսային պողոտային մէջ տեղադրուած իւրայատուկ տօնական տաղաւարներու մէջ:

«Տարուէ տարի տաղաւարներուն թիւը կ՛աւելնայ: Տարբեր ընկերութիւններու եւ առանձին անհատներու հետաքրքրութիւնը հետզհետէ ամէն տարի կ՛աճի: Այս տարի մօտ 40 տաղաւար պիտի ըլլայ: Ի դէպ, տաղաւար-կրպակներ պիտի տեղադրենք նաեւ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքի բակին մէջ: Այս տարի մասնակցութիւն պիտի ըլլայ նաեւ Գիւմրիէն, պիտի ներկայացուի ձկնեղէն», ըսաւ Փիեռ Պաղտատեան:

donavajar2_120616

Ս. Ծննդեան տօնավաճառը կազմակերպերլու գաղափարը յառաջացաւ տարիներ առաջ, երբ Ֆրանսայի ապրող լիբանանահայ Փիեռ Պաղտատեան Նոր տարուան օրերուն Հայաստան եկաւ: Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ Ս. Ծննդեան տօնավաճառ կազմակերպելու մշակոյթ չկար, մինչդեռ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ ատիկա տօնական ձեռնարկներու անբաժան մասն է:

Ս. Ծննդեան տօնավաճառը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 2011-ին, Աշտարակի մէջ: Տօնավաճառը սկսած է 3 փոքր կրպակով: Ըստ Փիեռ Պաղտատեանի, այդ նախաձեռնութիւնը բաւական ուրախ անցաւ, մարդիկ քաջալերեցին, հետեւաբար ինք որոշեց այս գաղափարը շարունակել: Անկէ ետք տօնական այս նախաձեռնութիւնը շարունակուեցաւ Երեւանի մէջ` Երեւանի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ:

«Այցելուներուն հետաքրքրութիւնը մեծ է: Կը յիշեմ, երբ  տարիներ առաջ այդպիսի ձեռնարկներ սկսանք կազմակերպել, մարդիկ նոյնիսկ չէին գիտեր, թէ Ս. Ծննդեան տօնավաճառը ի՛նչ է: Եւրոպական երկիրներուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցները աւելի լաւ կը պատկերացնէին, սակայն այսօր կրնանք ըսել, որ այստեղ նախատօնական եւ տօնական օրերուն շատերու սիրելի վայրը կը դառնայ», աւելցուց Փիեռ Պաղտատեան:

Մեր համաքաղաքացիները Ս. Ծննդեան տօնավաճառ կրնան այցելել 6 դեկտեմբերէն սկսեալ, սակայն պաշտօնական բացումը 10 դեկտեմբերին պիտի կատարուի: Փիեռ Պաղտատեան նշեց, որ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնավաճառը իր պատուոյ հիւրը պիտի ունենայ: Ամէն տարի կը հրաւիրուին այնպիսի մարդիկ, որոնք այդ տարուան ընթացքին աշխարհի մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութեան մը կամ մրցումի մը ընթացքին Հայաստանի պատիւն ու եռագոյնը բարձր պահած են:

donavajar3_120616

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Միջշրջանային Վարչութիւններուն Ժողովը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.