Շաբաթ, դեկտեմբեր 3-ին, Փրովիտընսի մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 126-ամեակը` տեղւոյն «Քրիստափոր» կոմիտէի կազմակերպութեամբ:
«Հարպըր լայթ մարինա»-ի մէջ կատարուած այս ձեռնարկին ներկայ էին 150 հայորդիներ: Օրուան հանդիսավարն էր Հրակ Առաքելեան, որ բեմ հրաւիրեց «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Տոնոյեանը: Առաջին հերթին, վայրկեան մը լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը վերջերս մահացած ընկերներ Թոմ Վարդապետեանի (տարիներ շարունակ ծառայած «Հայրենիք»-ի անգլերէն բաժինի` «Արմինիըն Ուիքլի»-ին) եւ Արա Տեմիրճեանի (ՀՅԴ Բիւրոյի գործավար):
Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն ետք խօսք առաւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան, որ շնորհաւորեց ՀՅԴ 126-ամեակը:
Շրջանէն հինգ ազգայիններ` Ռիթա Մինասեան (ՀԵԴ), Մակի Մատարենց (Համազգային), Քարեն Փիլա (ՀՕՄ), Սարգիս Մինասեան (ՀՄԸՄ) եւ Սեդա Դարբինեան (ՀՕՄ) այս առթիւ ստացան յուշանուէրներ` գաղութին մէջ իրենց ունեցած հետեւողական ներդրումին առթիւ:
Օրուան բանախօսն էր Լոս Անճելըսէն ժամանած Մուրատ Թոփալեան, որ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` շարունակելու Քրիստափորներու, Ռոստոմներու եւ Զաւարեաններու կերտած կուսակցութեան աշխատանքը:
Նշենք, որ ան նախապէս դասախօսած էր երիտասարդականներուն, որմէ ետք կատարուած էր խրախճանք:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան` Սեւակ Խաչատուրեան, Մարթին Յարութիւնեան եւ Շահան Ներսէսեան, որոնք ներկայացուցին ազգային եւ տոհմիկ երգերու փունջ մը: Աւարտին, հաւաքուեցաւ հազար տոլար, որ տրամադրուեցաւ Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին: