Գաղութային

Հալէպահայ Աւօ Գաբրիէլեան` Մրցանակակիր Թորինոյի Շարժապատկերի Փառատօնին

Հալէպահայ Աւօ Գաբրիէլեան` Մրցանակակիր Թորինոյի Շարժապատկերի Փառատօնին

Հալէպի մէջ հրատարակուող մեր պաշտօնակից «Գանձասար» թերթը կը հաղորդէ, որ հալէպահայ բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեանի «Տուներ` առանց դռներու» ժապաւէնը արժանացաւ Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի 34-րդ շարժապատկերի միջազգային փառատօնի վաւերագրական ժապաւէններու գլխաւոր մրցանակին: Փառատօնի դատակազմը բարձրօրէն գնահատեց Աւոյին հեղինակած ժապաւէնը, յատկապէս նկատի առնելով, որ ան պատերազմական պայմաններու մէջ յաջողած է իր տան պատշգամէն աշխարհին ներկայացնել պատերազմին ողբերգութիւնը եւ շեշտել, որ Սուրիոյ հայ եւ...

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գրական Փառատօն` Իրաքեան Քիւրտիստանի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գրական Փառատօն` Իրաքեան Քիւրտիստանի Մէջ

Նոյեմբեր 20-23 հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մշակութային մայրաքաղաքը հանդիսացող Սուլէյմանիէի մէջ տեղի ունեցաւ «Կալաուէժ» քառօրեայ փառատօնը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրականութեան եւ հայ-քրտական յարաբերութիւններուն: Հայկական պատուիրակութեան անդամ, լրագրող Աստղիկ Աւետիսեան նշեց, որ փառատօնը բացուած է ցուցահանդէսով մը, ուր ներկայացուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան նմուշներ: Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կցորդ-հիւպատոս Սմբատ Խաչատրեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ քրտական համայնքին` նշելով,...

ՀՄԸՄ-Ի «Արտակարգ Պատուանշան» Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին

ՀՄԸՄ-Ի «Արտակարգ Պատուանշան» Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, շաբաթ, 12 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած` «ՀՄԸՄ-ի օր»-ուան երկրորդ տարեկան տօնախմբութեան առիթով, ՀՄԸՄ-ի «Արտակարգ պատուանշան»-ով պարգեւատրեց  թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը` գաղութին մատուցած անոր ծառայութեանց համար, յերախտագիտութիւն սրբազան հօր, որ միշտ սերտօրէն կը գործակցի Շրջանային վարչութեան հետ, եւ իր գլխաւորութեամբ է, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բաժանմունքը ունեցած է արի-արենուշներու համար «Ս. Մեսրոպ...

«Արեւմտահայերէնը Հայաստանի Մէջ. Մարտահրաւէրներ, Հեռանկարներ» Խորագիրով Համաժողով

«Արեւմտահայերէնը Հայաստանի Մէջ. Մարտահրաւէրներ, Հեռանկարներ» Խորագիրով Համաժողով

Պատրաստեց՝ ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2016-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հեռանկարներ» խորագիրով համաժողով: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան երիտասարդաց խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Անի Պալըխեան, որ նշեց, թէ վերջին տարիներուն արեւմտահայ մշակոյթը կրող սուրիահայերու Հայաստան գալով` ստեղծուած է...

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի Պաշտօնական Վերամուտ

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի Պաշտօնական Վերամուտ

«Սկսա՜նք...»: Այս ուրախ բառով շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 2016-ին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի սկաուտներս միաժամանակ սկսանք մեր գեղարուեստական յայտագիրն ու տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտը: ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբէն ներս, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան մը եւ ՀՄԸՄ-ի  Շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետութեան ներկայութեամբ, տեղի ունեցան` սկաուտական տողանցք, պաշտօնական արարողութիւններ եւ գեղարուեստական յայտագիր, որոնցմով նշեցինք 2016-2017 տարեշրջանի սկիզբը: Ակումբի մուտքին ներկաներուն բաժնեցինք մեր պատրաստած փոքր ձեռային...

Հրայր Սողոմոնեան Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Մետալով

Հրայր Սողոմոնեան Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Մետալով

Ապու Տապի կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ գաղութի ներկայացուցիչներուն, երեսփոխանական եւ ազգային վարչութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ բարերարներու հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահը «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Հրայր Սողոմոնեանը, Շարժա-Տուպայի Օհաննէսեան վարժարանի բարերար Յարութ Օհաննէսեանը եւ բարերար Արա Խանոյեանը` Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման մէջ ունեցած կարեւոր աւանդին, երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան եւ...

Հոգեհանգիստ` Մովսէս Եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններու Յիշատակին

Հոգեհանգիստ` Մովսէս Եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններու Յիշատակին

Կիրակի, 20 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ եւ Հայ կաթողիկէ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մովսէս եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններու յիշատակին: Արարողութենէն առաջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում` Մովսէս Տէր Գալուստեանի կիսանդրիին առջեւ: Ապա «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն, որուն ներկայ էին` գիւղին հոգեւոր հայրերը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Կոտֆրիտ Լոխըրը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Կոտֆրիտ Լոխըրը

Երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու նախագահ դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ զուիցերիական եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեանց եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով զուիցերիական եկեղեցիներուն կողմէ կատարուած շարք մը նախաձեռնութիւններուն եւ այդ ծիրէն ներս` վեհափառ հայրապետին Զուիցերիա տուած այցելութեան: Նորին սրբութիւնը եւ դոկտ. Լոխըրը նաեւ...

«Լոռի Բերդ»-ին Մուտքը Արդէն Իսկ Դարպաս Ունի

«Լոռի Բերդ»-ին Մուտքը Արդէն Իսկ Դարպաս Ունի

«Պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան կայքը կը հաղորդէ, որ մասնագէտներու երկար եւ քրտնաջան աշխատանքէն ետք, վերջապէս պատրաստուած եւ տեղադրուած է «Լոռի բերդ քաղաքատեղի» պատմամշակութային  արգելոցի մուտքի դարպասը: «Պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան 2016 թուականի աշխատանքային ծրագիրին մէջ նախատեսուած արգելոցի դարպասին տեղադրումը խիստ անհրաժեշտութիւն դարձած էր: Այդ դարպասով պիտի կանխուի անասուններու մուտքը արգելոցի տարածք, անիկա պիտի նպաստէ յուշարձանի տարածքի առողջապահական վիճակի պահպանութեան, ինչպէս նաեւ արգելոցը...

Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան Նախարարը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Ժամանակաւոր Հաւատարմատարին Հետ

Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան Նախարարը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Ժամանակաւոր Հաւատարմատարին Հետ

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեանը 7 նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան ժամանակաւոր հաւատարմատար Իսսամ Նայալին հետ: Հանդիպման սկիզբը Իսսամ Նայալ շնորհաւորած է Իգնատի Առաքելեանին` Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնի ստանձնման առիթով եւ յոյս յայտնած է, որ անոր գործունէութեան ընթացքին երկրագործութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները աւելի պիտի խորանան ու աշխուժանան: Նախարարը ըսած է. «Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան...

Տիգրանակերտի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վերանորոգման Աշխատանքները Կը Ծրագրուի Աւարտին Հասցնել 2018-ին

Տիգրանակերտի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վերանորոգման Աշխատանքները Կը Ծրագրուի Աւարտին Հասցնել 2018-ին

Թրքական «Տիարպաքըրսէօզ.քոմ» կայքը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները կը ծրագրուի աւարտին հասցնել 2018 թուականին: Թուրքիոյ հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, որուն կը պատկանի եկեղեցւոյ տարածքը, պաշտօնապէս յայտարարած է, որ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգումը աւարտին պիտի հասնի 2 տարուան ընթացքին, եւ 2018-ին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ պաշտօնական վերաբացումը: Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ շէնքը 2015-ին քիւրտ զինեալներուն եւ...

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Քննեց Սուրիահայութեան Օգնութեան Հարցը

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Քննեց Սուրիահայութեան Օգնութեան Հարցը

Նոյեմբեր 14-ին Մոնրէալ գտնուող Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդարանի շէնքին մէջ սկսաւ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական վարչութեան լիագումար նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան սուրիահայութեան օժանդակութեան, Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման, ՄԱԿ-ի ծիրէն ներս ՀՕՄ-ի ծաւալած գործունէութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ` միութեան շրջանային կառոյցներու հիմնախնդիրները: Նշենք, որ նոյեմբեր 12-ին Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեանց...

Քուէյթի Նոր Եկեղեցւոյ Համար 150.000 Տոլար Հանգանակուեցաւ

Քուէյթի Նոր Եկեղեցւոյ Համար 150.000 Տոլար Հանգանակուեցաւ

Հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի երեկոյեան Քուէյթի «Մովամփիք» պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ կազմակերպուեցաւ կալա-պարահանդէս մը` հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Հիմնախնդրի գործադիր մարմինին, որ իր կողքին ունէր պարահանդէսի օժանդակ յանձնախումբը: Կալա-պարահանդէսին նպատակն էր նոր եկեղեցւոյ ներքին նորոգութեանց համար հանգանակութիւն կատարել: Կալա-պարահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Մայտա Մովսէսեան, որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին անխտիր` իրենց ներկայութեան համար,...

Հայ Ուսանողական Ցոյցերը Խափանեցին Թրքական Ապատեղեկատուական Հաւաքները

Հայ Ուսանողական Ցոյցերը Խափանեցին Թրքական Ապատեղեկատուական Հաւաքները

Հարաւային Քալիֆորնիոյ թուրք-ամերիկացիներու միութեան կողմէ վերջերս կազմակերպուած էին Աթաթիւրքին նուիրուած շարք մը հաւաք-տօնակատարութիւններ, որոնց նպատակն էր վարդագոյն գոյներով ներկայացնել Թուրքիան, ուր այլախոհներու եւ մամլոյ ազատութեան դէմ հալածանքը հետզհետէ բռնատիրութեան մը կը վերածէ երկիրը: Այս առիթով ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութիւնը, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ն ու Համահայկական ուսանողական միութիւնը կազմակերպած էին բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին դատապարտուեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի փորձերը եւ Թուրքիոյ...

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Շարքերը Կը Շարունակեն Համալրուիլ

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Շարքերը Կը Շարունակեն Համալրուիլ

10 նոյեմբերին ՀՅ դաշնակցութեան Արցախի Երիտասարդական միութեան (ԱԵՄ) շարքերը համալրուեցան նոր անդամներով: Փոխանցման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ` Նիկոլ Դումանի յուշարձանին մօտ: Նախապատրաստական շրջանը բոլորած երիտասարդները խոստացան իրենց կեանքով ու գործով ազգասէր հայու տիպար ըլլալ եւ հաւատարիմ մնալ դաշնակցական երիտասարդի  կոչման: Երդման արարողութեան ներկայ էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, որ ԱԵՄ-ի նորագիրները շնորհաւորելով` նշեց, որ անոնք շատ...

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ.   Այցելութիւն` «Պօղոս Սնապեան»-ի Տուն-Թանգարան

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Այցելութիւն` «Պօղոս Սնապեան»-ի Տուն-Թանգարան

Օրեր առաջ քոլեճի Ը. դասարանը, հայոց լեզուի իր դասատուին` Սալբի Թաշճեանին հետ ուղղուեցաւ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարան: Աշակերտները դիմաւորեց գրագէտին կինը` Աղաւնի Սնապեան, որ տուն-թանգարանին դռները բանալով` ներս հրաւիրեց զանոնք, որպէսզի մօտէն ծանօթանան «Սնապեանական» յորդառատ գրական ժառանգութեան: Պօղոս Սնապեանի անձին, ստեղծագործական ու խմբագրական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ տուն-թանգարանի շինարարութեան մասին աշակերտները բաւական տեղեկութիւն ստացան Սալբի Թաշճեանէն, որ Պօղոս Սնապեանի գրականութեան վերջին ուսանողներէն...

Սրբոց  Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աշխատանքներէն.

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աշխատանքներէն.

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 27 հոկտեմբեր 2016-ին յիշատակեց Թարգմանչաց տօնը, որուն առիթով նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները իւրայատուկ ոճով եւ գեղարուեստական յայտագիրով արժեւորեցին թարգմանչաց խորհուրդը` հայ լեզուի փառաբանանքը հիւսող բանաստեղծութիւններով, ասմունքներով, որոնք ընդելուզուած էին ջութակի, շուիի եւ դաշնակի երաժշտական մեղեդիներու ազգայնաշունչ թրթիռներով եւ գաւառական պարով: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ հիւրեր եւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը: Օրուան պատգամը փոխանցելու համար...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանէն Ներս Բաց Դռներ – Արեւելում

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանէն Ներս Բաց Դռներ – Արեւելում

Արդէն երկու տարիէ ի վեր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ կը գործէ երկրորդական դասարանի աշակերտներուն համալսարանական ուսման արեւելում տուող գրասենեակը: Այս գրասենեակին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 4 նոյեմբեր 2016-ին, եւ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ Բաց Դռներ հանդիպում մը, լիբանանեան 16 համալսարաններու ներկայացուցիչներու եւ վարժարանիս 10-րդ, 11-րդ, 12-րդ եւ BT դասարաններու աշակերտներուն միջեւ: Հանդիպման ընթացքին աշակերտները լուսաբանութիւններ ստացան եւ...

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Մեսրոպեան

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Մեսրոպեան

10 նոյեմբեր 2016-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ընդունելութեան բաժնի տնօրէն Արինա Զոհրապեան եւ շարունակական կրթութեան բաժնի տնօրէն դոկտ. Սերգէյ Թանթուշեան: ՀԱՄ-ի պատասխանատուները «Ֆարաճեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցան վարժարանի երկրորդական բաժնի աշակերտներուն հետ եւ ներկայացուցին համալսարանի կարգավիճակին, կրթական ծրագիրներուն, ընդունելութեան եւ այնտեղ ուսանելու պայմաններուն մասին սպառիչ տեղեկատուութիւն: Մեսրոպեանի հիւրերը ապա տեսակցեցան տնօրէն Կրեկուար Գալուստին հետ, որ...

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան.  Սրբոց Թարգմանչաց Տօն

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Սրբոց Թարգմանչաց Տօն

Հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին ՀԲԸՄ-ի  Պօղոս  Գ.  Կարմիրեան  վարժարանի հայերէն լեզուի  դասատու Մարալ Քէհեայեանի առաջնորդութեամբ,  կազմակերպուեցաւ ատենամարզանք  մը`  նուիրուած Թարգմանչաց տօնին:  Յայտագիրին բացումը կատարեց  Մարալ  Քէհեայեան, որ հակիրճ կերպով փոխանցեց  Թարգմանչաց  խորհուրդը եւ աւելցուց,  թէ   այս  տօնը Հայաստանի մէջ սահմանուած է 2001-էն ի  վեր, որպէս  պետական տօն, նուիրուած  հայ  գիրերու գիւտին, իսկ հայ Առաքելական եկեղեցին  առաջին անգամ թարգմանողներուն  առանձնայատուկ շնորհով օժտուածները,...

Page 43 of 68 1 42 43 44 68

Արխիւներ