Լիբանանահայ Գործիչ Արմէն Յարութիւնեան Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Մետալով
Երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան այցելեց լիբանանահայ համայնքի ծանօթ դէմքերէն Արմէն Յարութիւնեանի բնակարանը եւ անոր յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետալը: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան նշեց, թէ պարգեւատրումը արժանի գնահատականն է լիբանանահայ համայնքի եւ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուած եօթը տասնամեակներու վրայ երկարող անշահախնդիր նուիրումին: Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները պրն. Արմէն Յարութիւնեանին, անոր...




















