Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի (ՀԶՀ) գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան եւ ՀԶՀ յետ-ներդրումային սպասարկման խումբի ղեկավար Հայկ Միրզոյեան հայկական ազգային խորհրդանշաններ եւ զինանշաններ հետազօտող, ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Հայկ Դեմոյեանի հետ քննարկած են հայոց պետականութեան խորհրդանիշները յուշանուէրներու վերածելով տարածելու ծրագիրը:
Հիմնադրամի լրատուական ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ Հայկ Դեմոյեան հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն տրամադրած է հայոց արքաներու դիմապատկերներու լուսանկարները (բարձր կէտայնութեամբ), որոնց հիման վրայ աշխատանքային խումբը պիտի մշակէ յուշանուէրներու նմուշներ, որոնք հետագային կը հանուին վաճառքի:
Յուշանուէրներու ձեւաւորման համար պիտի օգտագործուին արքայական տոհմերու խորհրդանիշներ, զինանշաններու եւ հանդերձանքի նկարներ: