Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոր Կեանք, Նոր Յոյս» Ծրագիրի Աշխատանքներու Կողքին. «Արցախ Ֆոնտ»-ը Կը Կահաւորէ Աղաւնոյ Գիւղի Գարեգին Նժդեհի Անուան Միջնակարգ Վարժարանին Համակարգչային Կեդրոնը

Սեպտեմբեր 25, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաշաթաղի Աղաւնոյ գիւղի Գարեգին Նժդեհի անուան միջնակարգ վարժարանը կրթական 2017-2018 տարեշրջանի սկիզբը օժտուեցաւ համակարգչային կեդրոնով մը, որուն կահաւորումն ու բացումը կատարեցին Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչները:

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեանը, «Հայրենասէր» կազմակերպութեան հիմնադիր Ստեփան Սարգսեանը, աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւիթեանը, Աղաւնոյ գիւղական համայնքի ղեկավար Միասնիկ Մաթեւոսեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ծնողներ:

Այս առթիւ վարժարանի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Անուշ Առաքելեան ողջունեց ներկաները: Ան շեշտեց վարժարանին դերը գիւղի կեանքին մէջ եւ նշեց, որ` ուրախութիւն է Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին աջակցութեամբ ունենալ համակարգչային կեդրոն, որ կ՛ընդգրկէ` համակարգիչներ, տպիչ եւ պատկերասփռող սարքեր:

Շնորհակալութեան խօսք յայտնեց նաեւ Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավարին տեղակալը, որ բարձրօրէն գնահատեց բարեսիրական կազմակերպութիւններու դերը Քաշաթաղի վերաբնակեցման եւ զարգացման մէջ: Իր կարգին, Ազգային ժողովի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան խօսեցաւ լիբանանահայութեան` Արցախին կատարած օժանդակութիւններուն մասին: Ան ըսաւ, որ «Արցախ Ֆոնտ»-ը ունի քառորդ դարու պատմութիւն եւ ծառայութիւն` Արցախի տարբեր բնագաւառներուն մէջ:

«Արցախ Ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչ Մարալ Մահսէրէճեան շնորհաւորեց վարժարանը  համակարգչային կեդրոնով օժտուելուն համար եւ յայտնեց, որ «Արցախ Ֆոնտ»-ը իր զանազան ծրագիրներու կողքին, ունի «Գոյք` Արցախի դպրոցներուն» ծրագիրը, ըստ որուն, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ տարեկան հանգանակութիւններ կը կատարեն Արցախի կրթական հաստատութիւններուն օժանդակութեան համար: Այս տարուան ծրագիրը նպատակաուղղուած է Աղաւնոյ Գարեգին Նժդեհի անուան միջնակարգ վարժարանին, որ տարուէ տարի մեծցող կրթական հաստատութիւն մըն է:

Մահսէրէճեան նկատել տուաւ, որ նախապէս «Արցախ Ֆոնտ»-ը օժանդակած է Արցախի շարք մը դպրոցներու, որոնցմէ վերջինը Թալիշի վարժարանն էր, որ քառօրեայ պատերազմի օրերուն հիմնովին աւերուեցաւ:

Խօսք առաւ նաեւ վարժարանի տնօրէն Վիտալի Շալունց եւ վարժարանի ուսուցչական կազմին, անձնակազմին եւ աշակերտութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց «Արցախ Ֆոնտ»-ին եւ լիբանանահայութեան:

«Նոր Կեանք, Նոր Յոյս»
Ծրագիրին Աշխատանքները

Քաշաթաղի Աղաւնոյ գիւղի վարժարանի համակարգչային կեդրոնին բացումը զուգադիպեցաւ «Արցախ Ֆոնտ»-ի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի այս տարուան աշխատանքներուն, որոնց համար Լիբանանէն Արցախ մեկնեցան յատուկ ներկայացուցիչներ:

Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներուն կաթնտու անասուններ բաժնելու  եւ նախապէս բաժնուած անասունները ստուգելու համար «Արցախ Ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչները երեք շաբթուան ընթացքին այցելեցին Քարվաճառի հարաւային եւ հիւսիսային շրջաններու  բազմատասնեակ գիւղեր, ապա իրենց աշխատանքները շարունակեցին Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Ասկերանի մարզերուն մէջ:

«Արցախ Ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչները մօտէն հետաքրքրուեցան Կովսականի կիներու համագործակցականի աշխատանքներով: Համագործակցականը կը գործէ չորս տարիէ ի վեր եւ իր աշխատանքները կը ղրկէ Լիբանան, ուր անոնք կը վաճառուին «Արցախ ֆոնտ»-ի տարեկան տօնավաճառներուն եւ լիբանանահայ միութիւններու զանազան նախաձեռնութիւններուն ընթացքին:

Նախորդը

Ի՞նչ Նշանակութիւն Ունի Տէր Զօրի Ազատագրումը Հայերուն Համար

Յաջորդը

Բարե՛ւ, Սիրելի՛ Վարժարան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?