Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» Ժապաւէնը Պիտի Ցուցադրուի Նաեւ Իտալիոյ Մէջ` Վենետիկի Շարժապատկերի Փառատօնին

August 15, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

«Ֆիշ այ արթ» մշակութային հիմնադրամին իտալական գործընկեր «Պլու նոլեճ էսոշիէյշըն»-ի նախաձեռնութեամբ, յանձինս` ընկերութեան տնօրէն Օրիեթա Թրեւիզանաթօ Զամպիերիի, սեպտեմբերին կը նախատեսուի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին ներկայացումը Իտալիոյ մէջ, Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին:

Նախատեսուած են հանդիպումներ եւ քննարկումներ շարժապատկերի բնագաւառի ականաւոր ներկայացուցիչներու, բեմադրիչներու, վաճառող ընկերութիւններուն եւ արտադրողներուն հետ` «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին, բեմադրիչին յաջորդ` «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնի նախագիծին եւ յառաջիկայ այլ ծրագիրներուն առնչութեամբ:

«Անհրաժեշտ է հայկական շարժապատկերի զարգացման որակական նոր վերելք մը արձանագրել աշխարհի վրայ` միջազգային հարթակներով նպաստելու անոր հեղինակութեան բարձրացման: Ես կը փորձեմ կատարել ատիկա իմ ժապաւէնիս միջոցով` ընդհանուր ուշադրութեան արժանացնելով հայկական ժապաւէնը եւ լուսարձակի տակ առնելով համահայկական խնդիրներ, ներառեալ` ղարաբաղեան հիմնահարցը: «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնները համաշխարհային ամէնէն արժէքաւոր` Քաննի ժապաւէնի շուկային մէջ, Շանկհայի եւ Վենետիկի փառատօներուն այս գծով տարուող մեր ջանքերուն շօշափելի արդիւնքներէն են: Յօգուտ հայկական ժապաւէնի զարգացման եւ մեր ընդհանուր նպատակներու իրականացման` մենք միշտ պատրաստ ենք առաջարկներ ընդունելու եւ համագործակցութեան համար: Այդ ուղղութեամբ կարեւոր կը նկատեմ ոչ միայն անհատական նախաձեռնութիւնը, այլեւ` պետական աջակցող եւ երբեմն համակարգող ձեռքի առկայութիւնը, որ միջազգային ծիրին մէջ լրացուցիչ կարելիութիւններ կը ստեղծէ թէ՛ շարժապատկերի նախագիծերուն եւ թէ՛ ուղղակի պետութեան համար, յատկապէս` ազգային ռազմավարական խորք ունեցող հարցեր լոյսին բերելու առումով», նշած է Ջիւան Աւետիսեան:

5 սեպտեմբերին «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Վենետիկի փառատօնին, «Վենիս փրոտաքշըն պրիճ»-ին մէջ, որուն, բացի օտար հիւրերէն, ներկայ պիտի գտնուին նաեւ ժապաւէնի ստեղծագործական եւ դերասանական կազմի անդամները: Իսկ 7 սեպտեմբերին նախատեսուած է  մամլոյ ասուլիս` ժապաւէնի ստեղծագործական կազմին հետ, որ պիտի սփռուի իտալական «Անթենա սինեմա 24» պատկերասփիւռի ընկերութեան կողմէ: Ասուլիսին բեմագիրին հետ ներկայ պիտի գտնուին եւ խօսքով հանդէս պիտի գան նաեւ ժապաւէնի լիթուացի բեմագիր Քեսթութիս Տրազտաուսքզաս, ինչպէս նաեւ գործադիր տնօրէն Ատրինէ Միրզայեան` Միացեալ Նահանգներէն: Մամլոյ ասուլիսին հանդէս պիտի գայ նաեւ հանրածանօթ գրող, ստեղծագործող Անթոնիա Արսլան, որ հայկական արմատներ ունի եւ հայ հասարակութեան աւելի ծանօթ է «Արտոյտներու ագարակը» վէպով, որուն հիման վրայ նկարահանուած է համանուն ժապաւէն` Թաւիան եղբայրներուն կողմէ: Յատկանշական է այն փաստը, որ Իտալիոյ մէջ «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնները տեղի պիտի ունենան Վենետոյի (վարչական կեդրոնը` Վենետիկ) նահանգապետ Լուքա Զայայի բարձր հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ:

«Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը նկարահանուած է Ծովինար Խաչատրեանի «Գիւրճեւանի վերջին բնակիչը» պատմուածքին հիման վրայ: Անիկա արտադրուած է 2016 թուականին, միջազգային համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` «Ֆիշ այ արթ» մշակութային հիմնադրամի, Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին եւ լիթուանական «Արթպոքս փրոտաքշըն հաուս»-ին կողմէ, շուէտական «Էփրիքըթ սթոն»-ին աջակցութեամբ, ամերիկեան «Ալֆա տակս, Այ. Էն. Քիու.» եւ «Մոզայիքզ արթ էնտ քալչըրլ ֆաունտէյշըն» ընկերութիւններուն եւ Լիբանանի պետական համալսարանին:

Ժապաւէնը ցուցադրուած է 5 անգամ, իսկ գլխաւոր` պաշտօնական ցուցադրութիւնը կայացած է 25 յունիսին: «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը տիրացած է 2017 թուականի «Ոսկէ կլոպուս» մրցանակաբաշխութեան` լաւագոյն «Օտարալեզու ժապաւէն» կոչումին, որուն ընթացքին ներկայացուած են նաեւ 65 ժապաւէններ: Այդ առիթով Լոս Անճելըսի լաւագոյն պանդոկներէն` «Ֆոր սիզընս հոթել»-ին մէջ կայացած է ժապաւէնի փակ ցուցադրութիւնը` «Հոլիվուտեան օտար լրագրողներու միութեան» անդամներուն համար, արժանանալով անոնց բարձր գնահատանքին: Ժապաւէնին անդրադարձ կատարուած է «Ոսկէ կլոպուս»-ի պաշտօնական կայքէջին եւ ամերիկեան յայտնի «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթին մէջ: «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը անցնող ամիսներուն արդէն իսկ ցուցադրուած է Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Իրանի, Ֆինլանտիոյ, Շուէտի եւ Հոլանտայի մէջ, իսկ յառաջիկային պիտի ցուցադրուի նաեւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ:

Նախորդը

«Ասթանա Էքսփօ-2017» Միջազգային Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ 16 Օգոստոսին Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Ազգային Օր

Յաջորդը

Հայաստանի Զարգացման Հիմնադրամը Հայոց Արքաներու Խորհրդանիշներով Յուշանուէրներ Կ՛արտադրէ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.