Երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան այցելեց լիբանանահայ համայնքի ծանօթ դէմքերէն Արմէն Յարութիւնեանի բնակարանը եւ անոր յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետալը:
Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան նշեց, թէ պարգեւատրումը արժանի գնահատականն է լիբանանահայ համայնքի եւ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուած եօթը տասնամեակներու վրայ երկարող անշահախնդիր նուիրումին:
Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները պրն. Արմէն Յարութիւնեանին, անոր կնոջ, զաւակներուն, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն:
Ամփոփ Կենսագրական
Ծնած է 6 փետրուար 1930-ին, Հալէպ: Յաճախած է Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանը, ապա Ալեփփօ քոլեճ: Հայրը եղած է բարեգործ անձնաւորութիւն: Ուսանելու ընթացքին հետեւած է առեւտուրի, ապա սկսած է արտադրել սեփական օծանելիքներ եւ շպար (քոսմեթիք):
1961-ին կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը հիմնէ սեփական գործարանը: Փոքր տարիքէն եղած է Հալէպի Այնթապի հայրենակցական միութեան վարչական, ապա` ատենապետ: Լիբանան փոխադրուելէ ետք երկար տարիներ վարած է Այնթապի հայրենակցական միութեան ատենապետի պաշտօնը:
Աւելի քան եօթանասուն տարի ծառայած է հայ եկեղեցւոյ` իբրեւ դպիր, սարկաւագ եւ աւագ սարկաւագ: Ունեցած է միութենական բեղուն գործունէութիւն ՀԲԸՄ-ի մէջ:
Իր եւ կնոջ անունով` «Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան» հրատարակութեան հիմնադրամ մը ստեղծած է` մեկենասելով 59 գիրքերու հրատարակութեան:
Լիբանանահայ վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներուն համար հիմնած է ֆոնտ` տարեկան մէկ ամսական նուէր:
2014-ին հիմնած է 250 հազար ամերիկեան տոլարի ֆոնտ մը` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն համար: Աւելի քան երեսուն ուսանողներու նպաստ տրամադրած է համալսարանական ուսման համար: Եղած է Սուրբ Էջմիածինի բարերար` նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելով անոր:
Մեծ աշխատանք կատարած է Հայաստանի մէջ Այնթապի գործարանին հիմնադրութեան մէջ` նիւթապէս եւ բարոյապէս:
Ֆանարի մէջ, Լիբանան, հայ ընտանիքներու համար նախատեսուած բնակարաններու շինարարութեան նուիրած է 35 խոհանոց:
Մնայուն աշխատակից եւ աջակից է լիբանանահայ մամուլին գրեթէ բոլոր ներկայացուցիչներուն: Լիբանանահայ մամուլի մէջ ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ: Երեք հատորներու հեղինակ է: Սոյն հատորները ծանօթ են «Նամակներ» վերտառութեամբ:



