Հանդիսաւոր Արարողութեամբ Բացումը Կատարուեցաւ Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանին
Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Իմատ Աշքարի, ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ Ռաուտայի վերանորոգ Մխիթարեան վարժարանին բացումը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդիսավարներ Լիւսի Տէօքմեճեանը հայերէնով եւ Յակոբ Խրիմեանը անգլերէնով իրենց բարի գալուստի խօսքերուն մէջ անդրադարձան ընդհանրապէս դպրոցին եւ մասնաւորապէս հայ դպրոցին ունեցած կարեւոր դերին` սերունդներու դաստիարակութեան...




















