Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Բերձոր Եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ Քաղաքներուն Միջեւ Վերաստորագրուած Է Բարեկամութեան Հռչակագիր

Սեպտեմբեր 28, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեպտեմբեր 25-ին Արցախ կը գտնուէր Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այցին նպատակը Արցախի Հանրապետութեան Բերձոր եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքներուն միջեւ 2017 նոյեմբեր 20-ին տեսակապի միջոցով  նախաստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրի վերաստորագրումն էր: Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է սեպտեմբեր 25-ին,  Բերձոր քաղաքի մէջ, որուն ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ Լիւք Կարւունասը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը, ՀՅԴ Ֆրանսայի եւ Արցախի կառոյցներու ներկայացուցիչներ, երկու քաղաքներու քաղաքապետարաններու աշխատակիցներ:

Հիւրերը Բերձորի մուտքին դիմաւորուած են աղուհացով, որմէ ետք անոնց ուղեկցած են դէպի քաղաքապետարան:

Բերձոր քաղաքին անունով հռչակագիրը ստորագրած է քաղաքապետի պաշտօնակատար Անահիտ Չարչեանը, իսկ Ալֆորվիլ քաղաքին անունով` քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչը:

Հռչակագիրին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ հիմք ընդունելով Մարդու իրաւունքներու մասին համընդհանուր հռչակագրին մէջ ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը եւ ընդգծելով ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան նպաստելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը` կողմերը կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը` ամրապնդել երկու քաղաքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերը: Հռչակագիրին նպատակն է գործընկեր քաղաքներուն միջեւ կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, առեւտուրի եւ տեղական ինքնակառավարման ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խթանումն ու գործնական ծրագիրներու իրականացումը:

Իր խօսքին մէջ Միշել Ժերշինովիչը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար: «Ալֆորվիլ քաղաքը ստեղծուած է 133 տարի առաջ եւ ծաղկած է նաեւ մեր հայ ընկերներու շնորհիւ, եւ այնտեղ ապրող հայկական համայնքի ներկայացուցիչները շարժիչ ուժ կը հանդիսանան հետագայ համագործակցութեան: Ստորագրելով այս հռչակագիրը` մենք կը մօտենանք Բերձոր քաղաքին, Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի Հանրապետութիւններու հետ կապերը ա՛լ աւելի ամրապնդելու նոր էջ կը բացուի մեզի համար», նշած է ան եւ` աւելցուցած, որ Արցախի Հանրապետութիւնը այսօր քիչ ճանչցուած է, սակայն այսպիսի նախաձեռնութիւնները եւ համագործակցութիւնը օր մը պիտի հասցնեն  Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման:

Բերձորի քաղաքապետի պաշտօնակատար Անահիտ Չարչեանը նշած է, որ ստորագրուած պայմանագիրը աւելի պիտի սերտացնէ բարեկամական կապերը. «Բացի զուտ մարդկային շփումներէն` մենք կ՛ունենանք ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ ոլորտներ, ուր կրնանք համագործակցիլ, կատարել փորձի փոխանակում, իրականացնել զարգացման համատեղ ծրագիրներ»:

Հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունեցած է Ալֆորվիլի նախկին քաղաքապետ, այժմ Ազգային ժողովի երեսփոխան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ Լիւք Կարւունասը: Ան 2017-ին ստորագրած էր հռչակագիրը: «2016 սեպտեմբերին ես այստեղ էի պարոն Ժերշինովիչին հետ, գիտէինք, որ ընդհարումներ կան հարեւան երկրին հետ եւ մեր այցով փաստօրէն քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերած ենք: Այսօր ես Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան եմ, ուր ինծի նման շատ պատգամաւորներ կան, որոնք կը պայքարին Արցախի հիմնախնդիրի լուծման համար», նշած է Լիւք Կարւունասը: Անոր խօսքով, Ֆրանսայի կառավարութիւնն այնքան ալ չ՛ողջուներ նման այցերը, բայց` «դիւանագիտութենէ բացի` գոյութիւն ունի նաեւ իրականութիւնը, պատմական իրականութիւնը, որ ցոյց տուած է, որ Արցախը հայկական է»: «Ես շարունակելու եմ պայքարը Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման համար, որովհետեւ սա արդար պայքար է, եւ վստահ եղէք, որ Արցախի ճանաչման համար մէկ ձայն արդէն ունիք», ըսած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխանը:

Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեանը շնորհաւորելով հռչակագիրի վերաստորագրման առիթով` նշած է, որ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը դարերու փորձութիւն անցած է եւ բազմաթիւ գործողութիւններով` ամրագրուած: «Ուրախ ենք, որ Ֆրանսայի մէջ կան նման մարդիկ, որոնք կը նպաստեն մեր երկրի ճանաչման», նշած է Արտուշ Մխիթարեանը` աւելցնելով, որ Արցախի հողը սրբացած է զոհուածներու արեամբ, որոնցմէ վերջինը քանի մը օր առաջ թշնամիի գնդակէն ինկած Քաշաթաղի բնակիչ Արցախ Յովսէփեանն է:

Նախորդը

Լիբանանահայ Արուեստագէտը Միջազգային Մրցանքի Դափնեկիր

Յաջորդը

Մերն Ուրի՜շ Է…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?