«Ասպարէզ»-ի 110-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Առաւել քան 450 բարեկամներու, բարերարներու, միութեանց ներկայացուցիչներու եւ հայկական վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներու ներկայութեան «Ասպարէզ»-ը կիրակի, 21 հոկտեմբերի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ նշեց իր 110-րդ տարեդարձը: Ծովինար Մելքոնեանի հանդիսավարութեամբ ընթացած ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին թերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռազմիկ Շիրինեան եւ օրուան գլխաւոր պատգամախօսը` Նազարէթ Պէրպէրեան: Ճաշկերոյթը, որ բարերարներու...




















