Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Բազմամշակութային պատմութեամբ եւ հարուստ հնագիտական ժառանգութեամբ յայտնի Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող Ալեքսանտրեթ նահանգի (թրքական անուանումով` Հաթայ) Տորթեօլ շրջանին մէջ` Օզերլի թաղամասին, տարիներէ ի վեր անուշադրութեան մատնուած հայկական եկեղեցւոյ մը պատմական աւերակները պահպանուած են: Կը կարծուի, թէ անոնք 1877-ին կառուցուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին աւերակներն են: Այս մասին կը հաղորդէ Ermeni Haber-ը: Թէեւ կառոյցին պաշտօնական անունը տակաւին յստակ չէ, բայց եւ...




















