Ինքնաշարժներու Երթ` ԼԵՄ- ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ
Նախաձեռնութեամբ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 24 ապրիլին կատարուեցաւ ինքնաշարժներով երթ, որ ընթացք առաւ Զալքայէն` «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին առջեւէն, շրջանի բոլոր թաղերէն անցնելէ ետք անիկա հասաւ Պսալիմ, ապա` Պուրճ Համուտ, Ֆանար, Ժտէյտի, ապա կրկին Զալքա: Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւած երթին նպատակն էր հանրութիւնը յիշեցնել, որ 106 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուեցաւ մարդկութեան դէմ ամէնէն ահաւոր ոճիրներէն Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն համար...




















