Բազմամշակութային պատմութեամբ եւ հարուստ հնագիտական ժառանգութեամբ յայտնի Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող Ալեքսանտրեթ նահանգի (թրքական անուանումով` Հաթայ) Տորթեօլ շրջանին մէջ` Օզերլի թաղամասին, տարիներէ ի վեր անուշադրութեան մատնուած հայկական եկեղեցւոյ մը պատմական աւերակները պահպանուած են: Կը կարծուի, թէ անոնք 1877-ին կառուցուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին աւերակներն են: Այս մասին կը հաղորդէ Ermeni Haber-ը:
Թէեւ կառոյցին պաշտօնական անունը տակաւին յստակ չէ, բայց եւ այնպէս, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի արձանագրութիւններուն համաձայն, ան կրնայ ըլլալ նոյն եկեղեցին: Պատմական աղբիւրներու համաձայն, 19-րդ դարու վերջաւորութեան Օզերլին 300 տուն ունեցող աշխուժ բնակավայր մըն էր` 250 հայկական եւ 50 իսլամ ընտանիքներով: Գիւղին մէջ գործած են եկեղեցի, դպրոց, շուկայ եւ այլ կառոյցներ:
Այսօր եկեղեցւոյ շէնքը անմխիթար վիճակի մէջ է: Հին տանիքը փուլ եկած է, անոր վրայ ինքնաշէն փայտէ կառուցուածք մը եւ կղմինտր դրուած են, իսկ պատուհանները փակուած են պեթոնէ սալիկներով: Գլխաւոր մուտքին պատմական արձանագրութիւնն ալ ջնջուած է: Կառոյցը տարիներ շարունակ օգտագործուած է իբրեւ ախոռ եւ այծերու ապաստանարան, ինչ որ լրջօրէն վնասած է անոր:
Կը կարծուի, թէ եկեղեցւոյ պահպանութեան հիմնական խոչընդոտներէն մէկը անոր սեփականութեան անորոշ կարգավիճակն է: Տոմարներու արձանագրութիւններուն մէջ ան նշուած է իբրեւ «աւերակ շէնք եւ հողատարածք», եւ ոչ թէ` պատմական կամ կրօնական կառոյց:
Այսօր պեթոնէ սալիկներով փակուած պատուհաններով, ներկուած ու վնասուած պատերով եւ քայքայուող տանիքով եկեղեցին Ալեքսանտրեթի բազմաշերտ պատմական ժառանգութեան լուռ վկան է` կանգնած ամբողջական կորստեան վտանգին առջեւ:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ մշակութային արժէքներու պահպանութեան օրենսդրութեան համաձայն, մասնաւոր սեփականութիւն հանդիսացող, սակայն չարձանագրուած կամ արձանագրութեան գործընթացը փակուղի մտած նման կառոյցները կրնան պետական պահպանութենէ դուրս մնալ` օտարման համար անհրաժեշտ ֆինանսական միջոցներու սահմանափակութեան, ինչպէս նաեւ սեփականութեան անձեռնմխելիութեան հետ կապուած իրաւական սահմանափակումներու պատճառով: Միեւնոյն ժամանակ տեղական ինքնակառավարման մարմիններն ալ չեն կրնար իրականացնել անոնց վերականգնումը:


