Հայկական Աշխարհը` Հայոց Աշխարհի Արեւելեան Դարպասէն Ա.
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Ա. Ծիծեռնակաբերդ. Քառօրեայ Պատերազմին Շարունակութիւնը Օրը կիրակի էր, 24 ապրիլ 2016: Ընկերոջս` Գէորգին ու իր կնոջ` Սիլվային հետ որոշած ենք բարձրանալ Ծիծեռնակաբերդ: Սիրտի, հոգիի ու խիղճի պարտք մը կայ վերջապէս, չէ՞: Ինքնաշարժներու խճողում կայ Քիեւեան կամուրջին վրայ, ուրկէ անդին երթեւեկը արգիլուած է: Այնտեղէն կը սկսինք քալելու ու անցումի մուտքին ծաղիկ գնելէ ետք, բազմահազար ուրիշներու հետ կը բռնենք վերելքի...




















