Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Աշխարհը` Հայոց Աշխարհի Արեւելեան Դարպասէն Ա.

May 17, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 Ա.

Ծիծեռնակաբերդ. Քառօրեայ Պատերազմին
Շարունակութիւնը

VATCHE-PROUDIAN1-fՕրը կիրակի էր, 24 ապրիլ 2016: Ընկերոջս` Գէորգին ու իր կնոջ` Սիլվային հետ որոշած ենք բարձրանալ Ծիծեռնակաբերդ: Սիրտի, հոգիի ու խիղճի պարտք մը կայ վերջապէս, չէ՞:

Ինքնաշարժներու խճողում կայ Քիեւեան կամուրջին վրայ, ուրկէ անդին երթեւեկը արգիլուած է: Այնտեղէն կը սկսինք քալելու ու անցումի մուտքին ծաղիկ գնելէ ետք, բազմահազար ուրիշներու հետ կը բռնենք վերելքի ճամբան: «Բազմահազար» բառը ճիշդ ըմբռնելու համար, պէտք էր քալել այդ ճամբայէն, բառացիօրէն անդադար քսուելով, հպելով չորս կողմիններուդ, բայց առանց հրմշտուքի. կիրթ ու քաղաքակիրթ, ինչպէս բոլոր չորս կողմիններդ:

Ծիծեռնակաբերդ կը բարձրանան բոլորը, առտուան ժամը 8:00-էն սկսեալ. առանց տարիքի, սեռի, դասակարգի, ծննդավայրի, լեզուի ու բարբառի տարբերութեան: Մայրեր` իրենց նորածինները կառքերու մէջ զետեղած, տատիկներ ու պապիկներ` իրենց թոռներուն ձեռքը բռնած, երիտասարդներ, պատանիներ, գաւազանով ծերունիներ, ընտանիքներ` երեք սերունդներով մէկտեղ: Մէկ խօսքով` մեր ժողովուրդին բոլո՛ր խաւերը:

Այդ բազմահազար ժողովուրդին մէջ անկարելի եղաւ նշմարել սխալ կամ անտեղի շարժում մը. անկարելի էր լսել սխալ կամ անտեղի արտայայտութիւն մը. նոյնիսկ չլսեցինք բարձրաձայն խօսակցութիւն կամ ծիծաղ:

Փոխարէնը, հոն տիրական էր յարգանքի, ակնածանքի, խուլ վիշտի, զայրոյթի ու մանաւանդ` վճռակամութեան շեշտուած մթնոլորտ մը: Վճռակամութիւն եւ մարտունակութիւն` միաժամանակ:

Միտքիս մէջ կը փորձէի վերլուծել այս երեւոյթին «ինչու»-ներն ու «ինչպէս»-ները: Արդեօք հարիւրամեակի ազդեցութի՞ւնն էր տակաւին, մամուլ, հեռատեսիլ ու համացանցային միջոցնե՞րը:

«Ասիկա չորս օրուան պատերազմին շարունակութիւնն է, հա®». Գէորգը գտած էր այդ բոլոր հարցականներուն պատասխանը` այս մէկ նախադասութեամբ: Հիմա ամէն ինչ ինկաւ իր տեղը: Միայն երեք շաբաթ առաջ էր, որ զինադադար հաստատուած էր Արցախի ու Ազրպէյճանի սահմանի ամբողջ երկայնքին, յաջորդելով Պաքուի կողմէ շղթայազերծուած քառօրեայ «պլիցքրիկ»-ին, «կայծակնային» պատերազմին: Մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներուն առթած վիշտին աւելցած էր նոր կսկիծ մը` 90-100 նոր նահատակներունը, հայկական բանակի զինուորներ Սլոյեանին, Մոնումենտցի Կեաժին, Աբաջեանին, Ուֆանեանին ու անոնց ընկերներուն նահատակութեան կսկիծը: Միակ տարբերութեամբ, որ մեր բանակին զինուորները անմահներու փաղանգին միացան` քաջութեան աննկարագրելի ու օրինակելի գործերով: Օրինակելի` բառին ամբողջական առումով` «Թող իմ թափած արեան շիթեր օրինակ դառնան հայ զինուորին»:

Անոնց արեան վրէժի կանչն ու կոչն էր, որ «կը կարդացուէր» Ծիծեռնակաբերդ բարձրացող իւրաքանչիւր հայու աչքերուն մէջ: Այս վիճակը աւելի լաւ կրցայ ըմբռնել քանի մը օր ետք, Թալիշի դիրքերուն մէջ, երբ Լոռիի մարզէն տարեց ազատամարտիկ ընկ. Հրանդը մեզի կը պատմէր իր թոռան հետ ունեցած հրաժեշտի խօսակցութիւնը` նախքան անոր Արցախ մեկնումը: Այս մասին` յետոյ:

Հաւատաք կամ ոչ` Ծիծեռնակաբերդի ծառուղին այդ օր վերածուած էր ռազմական նոր խրամատի մը, որ կ՛երկարէր մինչեւ Թալիշ ու Ջաբրայիլ, մինչեւ հոն մեր դիրքերուն ու սահմաններուն հսկող հայկական բանակը:

Յաջորդ օրը` երկուշաբթի երեկոյեան, «ռազմական» իւրատեսակ նոր խրամատի մը մէջ ենք, դարձեալ Երեւան, այս անգամ սակայն… Կամերայինի սրահին մէջ:

Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբի համերգն է, խմբավարութեամբ Ռոպերթ Մլքէյեանի եւ Յարութիւն Թոփիկեանի: Երգչախմբային բազմաձայնութիւնը նոր որակ ու «օքթաւ» կը նուաճէ մեր աչքերուն առջեւ, այդ սրահի բեմին վրայ` առաջին անգամ հրամցուող երգերու ընդմէջէն: Հեղինակներուն մէկ մասը երիտասարդ երգահաններ են, որոնց առջեւ ահաւասիկ բացուած է նոր ասպարէզ: Երգչախումբը, հայ երաժշտական արուեստի, հայ մշակոյթի բանակի «գեներալներ» Մլքէյեանի ու Թոփիկեանի «հրամանատարութեամբ», հանրութեան կը ներկայացնէ նոյն այդ մշակոյթի բանակի «սպաներ»-ու (մէկ մասը` երիտասարդ) ստեղծագործութիւնները: Պէտք է թուեմ անունները բոլորին. Աշոտ Ղազարեան, Արմենուհի Կարապետեան, Աննա Յակոբջանեան, Ջեննի Ասատրեան, Ստեփան Բաբաթորոսեան, Սոֆիա Միքայէլեան, Կոստանդին Պետրոսեան, Էդուարդ Սադոյեան, Աննա Ազիզեան եւ Երուանդ Երկանեան:

Համերգը հայ ժամանակակից երաժշտութեան փառատօնի մը շարքին մաս կը կազմէ, որ նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին եւ կազմակերպուած` մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի կոմպոզիտորներու միութեան կողմէ, առ ի պաշտպանութիւն նոյն այդ անկախութեան: Առնուազն` ա՛յս ներքին տրամաբանութեամբ:

Դժուար չէ նկատելը, որ հայկական աշխարհը պաշտպանական շղթայի մէջ առնուած է: Այդ շղթան տեղ-տեղ ցեխոտ խրամատներու եւ «թոփ-թֆանք»-ի տեսքով է, նոյն այդ աշխարհի արեւելեան դարպաս Արցախի մէջ, ուրիշ տեղ` դէպի Ծիծեռնակաբերդ բարձրացող ծառուղիի, իսկ այլ տեղ մը` համերգներու, օփերաներու եւ պալէի բեմի տեսքով: Տեղ մը ռումբերով ու կրակով, ուրիշ տեղ մը խմբավարի ճիպոտով: Ռազմական խրամատներուն միայն տեսքն ու ձեւը տարբեր է. խորքն ու էութիւնը նոյնն է, Թալիշ-Ջաբրայիլ գիծէն մինչեւ Երեւան, ուր կը տրոփէ հայ ապրող մշակոյթի սիրտը, իբրեւ պատասխան ազերի-թուրք թշնամիին նախայարձակումին: Ճիշդը ա՛յս է ու ոչ թէ հասարակ տեղիք այն հեգնախառն բամբասանքը, թէ` «հոն արիւն կը թափեն մեր զինուորները, հոս ալ համե՞րգ կու տան…»:

Համերգն ու թնդանօթը հաւասարազօր զէնքեր են, իրարու հետ սերտօրէն շաղկապուած: Միայն մարտադաշտն է տարբեր:

Քանի մը օր ետք, երբ առիթը ունեցայ այցելելու սահմանային ցեխոտ խրամատներն ու դիրքերը, աւելիո՛վ համոզուեցայ այս շաղկապումի անհրաժեշտութեան, ու մանաւանդ` ազդուութեան:

Յաջորդիւ` դէպի Թալիշ:

Առայժմ:

 

 

 

Լոս Անճելըս

10 մայիս 2016

Նախորդը

Երեւանի Մաշտոց Պողոտային Վրայ` (Սուլթան Համիտը Յիշեցնող) «Սուլթան Խորոված Ռեստորան»

Յաջորդը

Մտորումներ Թուրք Գրող Քեմալ Եալչընի «Վերապրողները» Գիրքին Շուրջ (Ընթերցուած` Թարգմանուած Գիրքի Շնորհանդէսին)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.