Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախէն Ջաւախք Իրարու Պէտք Ունինք

Մայիս 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0511javakhk

ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ

Գրեթէ դար մը առաջ` 1920-ական թուականներուն, հայ ազգը կորսնցուց իր պատմական հայրենիքէն հիմնական երեք տարածքներ` Արցախ, Նախիջեւան եւ Ջաւախք: Անշուշտ սոյն տարածքներու կորուստը յաջորդեց 1915-ին սկսած հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ, ըստ այնմ, Արեւմտահայաստանի ամբողջական կորուստին: Արցախին ու Նախիջեւանին տրուեցան խորհրդանշական բնոյթի ինքնավարութիւններ Խորհրդային Ազրպէյճանէն ներս, իսկ, Ջաւախքը դարձաւ Խորհրդային Վրաստանի հողատարածքին մէկ մասնիկը:

Խորհրդային ու համայնավարական իշխանութեան ինը տասնամեակներուն ընթացքին Նախիջեւանը պարպուեցաւ իր հայ բնակիչներէն, սակայն Արցախն ու Ջաւախքը կրցան պահպանել իրենց հայկական մեծամասնութիւնն ու հայկական դիմագիծը: Խորհրդային Միութեան քայքայումէն անմիջապէս ետք ազրպէյճանական հայատեաց մոլուցքին իբրեւ հակադարձութիւն եւ պաշտպանուելու համար ազրպէյճանական բանակի յարձակումներէն` Արցախի հայութիւնը հիմը դրաւ անկախացած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Փաստօրէն, քառորդ դար ետք անկախ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան համար իւրաքանչիւր ազգային գիտակցութիւն ունեցող հայ այսօր պատրաստ է զոհաբերելու իր թանկարժէք կեանքը:

Սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւմտեան կողմը` պատմական Ջաւախքի տարածքին, տարբեր կացութիւն կը տիրէ: Դարաւոր հայ-վրացական եղբայրութիւնը առիթ չտուաւ, որ Արցախի նման ազգամիջեան բախումներ տեղի ունենան: Հայ բնակչութիւնը, ամբողջական անկախութեան փոխարէն, հետամուտ մնաց միայն ինքնավարութեան եւ յատկապէս` լեզուամշակութային եւ կրօնական ազատութիւններու ընդլայնման: Դժբախտաբար, այս զոյգ յատկանիշները, Եւրոխորհուրդին կողմէ առաջադրուած ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներ ըլլալով հանդերձ, Վրաստան` իբրեւ Եւրոխորհուրդի անդամ, պարտաւոր չզգաց պաշտպանելու զանոնք:

Աւելի՛ն. Վրաստանի մէջ կրօնական եւ լեզուական իրաւունքներու զարգացման դանդաղ գործընթացին հակառակ` մեծ քայլերով տեղի կ՛ունենայ Ջաւախքի տնտեսութեան թրքացումը: Թրքական ընկերութիւններու կողմէ ջրաելեկտրակայաններու կառուցումը եւ շրջանի տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ իր ունեցած դերակատարութեան հզօրացումը շրջանը վերածած են թրքական ազդեցութեան գօտիի: Պակաս չեն նաեւ թրքական նկրտումները շրջանէն ներս, զինուորական ներկայութիւն ըլլալու գծով:

Այս բոլորը աւելիով խոցելի կը դարձնեն Ջաւախքի արդէն իսկ տկար տնտեսութիւնը եւ առաւել կերպով թափ կու տան դէպի Ռուսիա աշխատաւոր ուժի անվերադարձ արտահոսքին: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ մեցխեթ թուրքերու վերադարձը, յատկապէս` Ախալցխայի շրջան, որ արդէն իսկ կորսնցուցած է իր հայկական մեծամասնութիւնը:

Պատմական Ջաւախքի աւելի քան 125 հազար հաշուող միատարր հայութիւնը դժբախտաբար ենթակայ է նաեւ վարչաքաղաքական կառոյցի ճնշամիջոցներուն: Գիւղերու եւ քաղաքներու վարչաքաղաքական մարմիններու եւ երկրի խորհրդարանի հայկական ներկայացուցչութիւնները ծայր աստիճան խայտառակ պատկեր կը  պարզեն: Ժողովրդագրական առումով,  հայկական մեծամասնութիւն ունեցող շրջաններ, իրականութեան մէջ, քաղաքական ներկայացուցչական գետնի վրայ վերածուած են փոքրամասնութեանց: Իսկ պետական կառոյցներէն ներս վրացերէնին չտիրապետող հայերու գործազրկումը համատարած երեւոյթի վերածուած է:

Ընկերատնտեսական ու պատմամշակութային այս անարդարութեանց դէմ Ջաւախքի հայութիւնը կը պայքարի այնպէս, ինչպէս ան կը դիմագրաւէ իր խիստ եւ սառնամանիք ձմեռները: Ի տես այս կացութեան, ջաւախքցի Գուսան Ջիւանին պիտի երգէր` «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան, վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան»:

Սփիւռքահայը` գիտակից Արցախի կենաց-մահու պայքարին, ինչպէս նաեւ` Ջաւախքի ընկերատնտեսական ու պատմամշակութային անարդարութեանց, պատրաստ է իր օգնութիւնը հասցնելու հոն, ուր կարիքը կը զգացուի: Դժբախտաբար բռնկած կը մնան նաեւ Սուրիոյ քաղաքացիական կռիւները, որոնք ահաւոր մարդկային ու տնտեսական կորուստներ կը պատճառեն տեղւոյն հայ համայնքին: Հոն եւս հասնելու գիտակից է սփիւռքահայութիւնը` իր սահմանափակ միջոցներէն բաժին հանելով բոլորին:

Այս օրերուն Արեւմտեան Ամերիկայի «Ջաւախք Ֆոնտ»-ի յանձնախումբը, իւրաքանչիւր տարուան նման, իր ընթացիկ դրամահաւաքի աշխատանքները կը կատարէ, որպէսզի կարենայ Ջաւախքէն ներս օժանդակել երիտասարդական կեդրոններու գործունէութեան եւ երիտասարդական դաստիարակչական ծրագիրներու իրագործման: Եկէք` զօրակցինք այս բարեսիրական եւ մշակութային բնոյթի կարեւոր ձեռնարկներուն:

Հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր հատուած կամ տարածք իր անփոխարինելի արժէքը ունի համայն հայութեան ընդհանրական անվտանգութեան ապահովութեան համար: Արցախը ռազմաքաղաքական  առումով բացառիկ դերակատարութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան համար, Ջաւախքը կ՛ապահովէ Վրաստանի չէզոքութիւնը արցախեան պայքարին գծով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը սփիւռքահայութեան գոյատեւման անշէջ կրակն է, իսկ  սփիւռքահայութիւնը` հայրենաբնակ հայութեան գօտեպնդման ու ներշնչման աղբիւր:

Բոլորս պէտք ունինք իրարու, եկէք` տէր կանգնինք մէկս միւսին:

 

 

Նախորդը

Խմբավարին Խօսքը. Հեռակայ Երգն Իբրեւ Ընծայ Ու Խոնարհում

Յաջորդը

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի Թիւ 398-399. Ի՞նչպէս Ներգրաւել…

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?